
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ շրջանիս ամէնէն մեծ եւ անհամբերութեամբ սպասուած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերը եւ փառատօնը այս տարի դարձեալ մեծ շուքով պիտի կազմակերպուին՝ շնորհիւ Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ՝ ազգային բարերարներ դոկտ. եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն եւ դստեր՝ Քրիսթընին, դարձեալ ոգեւորելու համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդները եւ անդամները:
Տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները գոհունակ սիրտով յանձն առին սոյն հովանաւորութիւնը. արդարեւ, անոնք իրենց յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած են հայ ազգը:
ՀՄԸՄԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ