
Երեւան տուած առաջին պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Վրաստանի նորանշանակ վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ ըսաւ, որ Թիֆլիս երախտապարտ է, որ Երեւան կը ճանչնայ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իր կարգին առանց վերապահումներու կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան:
«Մենք, անշուշտ, խօսեցանք զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մասին` զանազան ձեւաչափերով: Քաղաքականութեան մակարդակով` երթեւեկ, տնտեսութիւն եւ զբօսաշրջութիւն, այս բոլոր ուղղութիւններով մեր գործընկերութիւնը աւելիով պիտի խորացուի», ըսաւ Քոպախիձէ:
Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի աշխուժացման կարելիութիւնը: «Այսօր մենք նաեւ քննարկել ենք Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի ակտիւացման (աշխուժացման) հնարաւորութիւնները: Ինչպէս գիտէք, նախորդ տարեվերջին Վրաստանը ձեռք բերեց ԵՄ անդամութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ: Ցանկանում եմ ընդգծել, որ Հայաստանում ոգեւորութեամբ են արձագանգել այդ լուրին` տեղի ունեցածը համարելով կարեւոր իրադարձութիւն, որն անմիջական ազդեցութիւն է ունենալու ոչ միայն մեր տարածաշրջանի, այլեւ Հայաստան-Վրաստան երկկողմ յարաբերութիւնների վրայ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Բանակցութիւններուն յաջորդած լրագրողներու հետ կարճ զրոյցին ընթացքին Քոպախիձէ եւ Փաշինեան անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու հարցին: Փաշինեան ընդգծեց, որ Երեւան հաւատարիմ է խաղաղութեան գործընթացին` ակնկալելով այյյդդդպիդի մօտեցում մը նաեւ միւս դերակատարներէն։
Քոպախիձէ յայտնեց, որ ինք կ՛աջակցի խաղաղութեան գործընթացին: «Վրաստան կ՛աջակցի կայունութեան, խաղաղութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ համատեղ ապրելու ջանքերուն, եւ մենք իսկապէս յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի, շօշափելի համաձայնագիր մը պիտի ըլլայ: Վրաստան պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացին եւ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման»: