Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն մէկ շաբաթ ետք, ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի հիւսիսային սահմաններուն վրայ: Տաւուշի մէջ պատերազմի սպառնալիք կա՞յ, ինչպէս Փաշինեան յայտարարեց նախորդ շաբաթ: «Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ լրագրողներ այս հարցումներուն պատասխանները փորձեցին լսել Ազգային ժողովին մէջ՝ բանակի ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեանէն, որ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ կը գտնուէր Ազգային ժողովին մէջ ՝ կառավարութեան ծրագիրի անցած տարուան կատարողականը զեկուցելու համար:
Անոնք նիստերու դահլիճէն հեռացան այն մուտքէն, որ նախատեսուած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համար, եւ այդպիսով խուսափեցան լրագրողներու հարցումներէն: Նիստին կը մասնակցէին մասնաւորապէս, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, բանակի ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեան եւ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան:
Նիստը մեկնակեց դռնբաց, սակայն Պապիկեան յայտարարեց, որ տեղեկութիւնները յոյժ գաղտնի են եւ խնդրեց նիստի շարունակութիւնը փակ դրութեամբ շարունակել:
Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան կոչ ուղղեց լրագրողներուն՝ ըմբռնումով մօտենալու եւ դահլիճէն հեռանալու:
«Իսկ մեր գործընկերներն, ովքեր ունեն հեռախօսներ, արկղը մեր, որ «Հրապարակ» թերթը գրել էր, որ շատ խորհրդաւոր արկղ է, խորհրդաւոր արկղը գտնւում է էստեղ, բոլոր հեռախօսները, խնդրում եմ, դրէք արկղի մէջ, որպէսզի հակառակորդները չկարողանան լսել մեր փակ մասի բովանդակութիւնը», յայտնեց Քոչարեան:
Զինուորականներուն դիմաց այս պահուն դրուած հարցերուն մասին Էդուարդ Ասրեան ոչինչ ըսաւ, իսկ լրագրողներուն տեղատարափ հարցումներուն արձագանգեց հպանցիկ ու կցկտուր կերպով:
«Դուք եթէ հասկանում էք պատերազմ ասելիքը, պատերազմ կարող է լինել մէկ ժամ յետոյ, երկու ժամ յետոյ, մի տարի յետոյ, երկու տարի յետոյ, հինգ տարի յետոյ», ըսաւ ան։
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս հասկցաւ Ոսկեպարի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ՝ «եթէ հողերը չյանձնենք պատերազմ կը լինի», Ասրեան ըսաւ. «Մենք հող յանձնող չենք»:
Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ գումարուեցաւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ժողովը։
Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան անդրադարձաւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցերուն, զինուած ուժերուն մէջ ներդրուած ծրագիրներու արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ բանակին մէջ մեկնարկած բարեփոխումներու ընթացքին մասին։
Ան իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ զօրքերու մարտունակութեան ամրապնդման եւ ընդգծեց ղեկավար կազմին ամէնօրեայ ուշադրութեան կարեւորութիւնը` ուսումնական փուլի ամբողջական կազմակերպման, մարտավարամասնագիտական դասերու եւ վարժութիւններու պատշաճ իրականացման համար: