Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց նախարարութեան պաշտօնատարներուն յանձնարարած է լուրջ նկատողութեան կանչել Թուրքիոյ փոխդեսպանը եւ յստակ ուղերձ յղել Անգարային:
Փոխդեսպանըանչի պատճառը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ 21 Մարտին կատարած յայտարարութիւններն էին եւ «վարչապետ Նեթանիահուն Ալլահի մօտ ուղարկելու» սպառնալիքը:
«Դուք, որ կ՛աջակցիք «Համաս»ի յանցագործներուն կողմէ մանուկները բռնաբարողներուն, մարմինները այրելուն եւ դիակները մասնատելուն, վերջինն էք, որ կրնաք Աստուծոյ մասին խօսիլ: Չկայ Աստուած, որ կը լսէ անոնց, որոնք կ՛աջակցին «Համաս»ի մէջ ձեր բարբարոս ընկերներուն կողմէ իրականացուած վայրագութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն: Լռեցէ՛ք: Ամօ՛թ ձեզի», «Էքս»ի վրայ գրած է Քաց:
Էրտողան Կեսարիոյ մէջ հանրահաւաքի մը ընթացքին յայնած էր, որ ինք կը փափաքի, որ «Ալլահը Նեթանիահուն դէպի փլուզում տանի»: