
Մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյենի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ ունենալիք հանդիպումը` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները պիտի կիսեն Հայաստանի որեւէ ապակայունացնող գործողութեան պատասխանատուութիւնը։
Պաքուի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութեան, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ ժողովը «ակնյայտօրէն միակողմանի է, կանխակալ եւ հիմնուած երկակի չափանիշերու վրայ»։
«Այս ժողովը թափանցիկ չէ, զուրկ է շրջանային ընդգրկունութենէ եւ կը հակասէ տարածաշրջանին մէջ այդքան անհրաժեշտ վստահութեան եւ համարկման ձեւաւորման։ Հայկական կողմը խաղաղ բանակցութիւններու մղելու փոխարէն, այս ժողովը տարածաշրջանին մէջ նոր բաժանարար գիծեր եւ ազդեցութեան շրջանակներ կը ստեղծէ։ Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական տրամադրութիւններու լոյսին տակ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի այսպիսի բացայայտ հայանպաստ հասարակական դիրքորոշումը կրնայ վտանգաւոր պատրանք ստեղծել, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանի դէմ յաջորդ հնարաւոր սադրանքներուն մէջ անոր պիտի աջակցին։ Այս պարագային Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները պիտի կիսեն Հայաստանի որեւէ ապակայունացնող գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը։
«Այն պահուն, երբ եզակի կարելիութիւն կը ստեղծուի կայուն խաղաղութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան հասնելու համար՝ հիմնուած միջազգային օրէնքի հիմնարար արժեչափերու եւ սկզբունքներու վրայ, մենք անգամ մը եւս բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` ձեռնպահ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ խաղաղութեան ջանքերու վրայ եւ տարածաշրջանին մէջ մագլցումի եւ լարուածութեան նոր ալիքներ հրահրել», կ՛ըսուի Պաքուի յայտարարութեան մէջ։
Այս հանդիպումին անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, որ դժգոհութիւն յայտնեց եւ նշեց, որ Պաքու երբեք Պրիւքսէլէն եւ Ուաշինկթընէն անվերապահ աջակցութիւն չէ ստացած, ինչպէս կը ստանայ Երեւան։
«Հետաքրքրական է, որ Ատրպէյճան` ըլլալով շուրջ 30 տարի զինեալ յարձակումի, բռնագրաւումի եւ ցեղային զտումներու զոհ, եւ նոյնիսկ հակառակ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերուն, որոնք պահանջած են անյապաղ, ամբողջական եւ անվերապահ դուրս բերել հայկական զօրքերը, Եւրոպական Միութենէն եւ Միացեալ Նահանգներէն երբեք այսպիսի անվերապահ աջակցութիւն չէր ստացած», ըսաւ Հաճիզատէ՝ իբրեւ պատասխան Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ միացեալ ժողովին մասին տեղեկութեան հրապարակման։
Ըստ Հաճիզատէ ի` Պաքուն մտահոգ է Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումով, որուն օրակարգին վրայ Երեւանին զինուորական աջակցութիւն տրամադրելու հարցը կայ , ինչպէս նաեւ «Հայաստանի ռազմականացման» գծով Փարիզի ծրագիրները, որոնք «կը ներառեն նաեւ նոր խոստումներ՝ աւելցնելու զինուորական մատակարարումները, ներառեալ՝ մահաբեր եւ յարձակողական զէնքեր»։
«Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիր մը՝ Յունաստան, վերջերս յայտարարեց Հայաստանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը խորացնելու մասին։ Բացի այդ, կը քննարկուի Հայաստանին Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի միջոցներէն զինուորական օգնութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը։ Ատիկա յաւելեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ կը խարխլէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հոլովոյթը», շեշտեց Հաճիզատէ։
Ան նաեւ դժգոհութիւն յայտնեց եւրոպացի դէտերու առաքելութեան ժամկէտի երկարաձգումին գծով` նշելով, որ այդ մէկը կատարուած է առանց Ատրպէյճանի համաձայնութեան։ «Առաքելութիւնը աշխուժօրէն կ՛օգտագործուի իբրեւ հակաատրպէյճանական քարոզչութեան գործիք։ Բացի այդ, Գանատայի անդամակցումը տէ ֆաքթօ (իրողապէս) զայն կը դարձնէ ՆԱԹՕի առաքելութիւն։ Ասոր զուգահեռ, կ՛ուղղուին Ատրպէյճանի կողմէ հնարաւոր միջամտութիւնը զսպելու կոչեր, որոնք բացարձակապէս անհիմն են», ըսաւ Հաճիզատէ, ըստ որուն, Ատրպէյճան բազմաթիւ անգամներ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն եւ հետամուտ ըլլալու, որ ատիկա ըլլայ չէզոք, քաղաքացիական եւ անզէն առաքելութիւն, որ, իր լիազօրութեան համաձայն, պէտք է զերծ մնայ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ ապահովութեան օրինական շահերուն դէմ ուղղուած որեւէ գործողութենէ։