
Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան եւ իր վարչակազմը անգամ մը եւս ցնցեցին Հայաստանը եւ հայոց աշխարհը՝ բացայայտելով իրենց միակողմանի նոր զիջումներու պատրաստակամութիւնը: Այս անգամ կարգը Տաւուշի մարզինն է: Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութեան վարած ազգակործան քաղաքականութեան պատճառով, թշնամիին կը յանձնուին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, ինչ որ պիտի յառաջացնէ ապահովական լուրջ սպառնալիքներ:
Արցախի յանձնումը միայն սկիզբն էր: Հայաստանի իշխանութիւնը ամէն կերպով մոռացութեան կը մատնէ Արցախը եւ Արցախի հարցը: Արցախի իրաւունքներու բարձրացման եւ հետապնդման բացառիկ լիազօրութիւն ունին Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պետական մարմինները: Այդ մարմինները վարկաբեկելը եւ անոնց գործունէութիւնը խոչընդոտելը կը նշանակեն հրաժարիլ այդ իրաւունքներէն:
Արցախի կարգավիճակի եւ արցախահայերու հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը հայութեան օրակարգին վրայ են եւ մինչեւ այդ հարցերը չլուծուին՝ արժանապատիւ եւ իրական խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ անգամներ զգուշացուց Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թշնամիներէն եկող վտանգներու եւ սպառնալիքներու մասին, որոնց առջեւ գիտակցաբար եւ համոզումով տեղի կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը:
Անհրաժեշտ է վերջ տալ ազգային արժէքներու եւ կառոյցներու դէմ պայքարելու քաղաքականութեան եւ կեդրոնանալ Հայոց բանակի մարտունակութեան բարձրացման եւ հզօրացման վրայ:
Համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր առողջ եւ ազգային ուժերու համախմբումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է: Օրակարգը մէկ է՝ հայկական պետականութեան փրկութիւնը:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
28 Մարտ 2024 թ.