«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը, 24 Մարտին, Պրիւքսէլի մէջ համախմբեց Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները՝ Արցախի շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ հետագայի ընելիքները քննարկելու համար:
Քննարկումին մասնակցեցան Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Նիտըրլենտներու (Հոլանտայի), Ռումանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչները:
Քննարկման հիմնական օրակարգը Ապրիլի 24ին ընդառաջ, ամբողջ Եւրոպայի մէջ ոգեկոչման ձեռնարկներու կազմակերպումն էր՝ նոյն ատեն Արցախի հիմնահարցը պահելով առանցքային հարց այդ ձեռնարկներուն ընթացքին:
Հիմնական քննարկումները կատարուեցան նաեւ ինքնորոշման եւ Արցախի ժողովրդի հաւաքական վերադարձի հիմնարար իրաւունքին շուրջ: Ընդգծուեցաւ դէպի Հայաստան տեղահանուած 150,000 արցախահայերուն բնակարանի կարիքները հոգալու հրատապ պահանջը՝ իբրեւ ժամանակաւոր բնակութեան վայրերուն մէջ անոնց արժանապատիւ կեանք ապահովելու անհրաժեշտութիւն, մինչեւ իրաւունքներու միջազգային պաշտպանութեամբ՝ Արցախի հայութիւնը կարենայ ապահով կերպով վերադառնալ հայրենիք:
Քննարկումներուն ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ համայնքներու դերին համաեւրոպական հետագայ ընտրութիւններուն՝ ընդգծելով նոր խորհրդարանին մէջ Արցախի եւ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան հրամայականը:
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը համաեւրոպական համագործակցական հարթակ մըն է, որ կը միաւորէ հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմինները եւրոպական 15 երկիրներու մէջ: Հարթակի առաջին նախաձեռնութիւնը Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի խորհրդի, ինչպէս նաեւ Եւրպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն հասցէագրուած արցախահայութեան աջակցելու յորդորով նամակ մըն էր, զոր ստորագրած էին առաւել քան 500 եւրոպական կազմակերպութիւններ: Հարթակի առաքելութիւնը եւրոպական երկիրներու քաղաքացիները համախմբելն է՝ աջակցելով արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու իրականացման, նոյն ատեն բարձրացնելով Եւրոպայի քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ այս հարցին վերաբերեալ իրազեկութիւնը: