Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ, Համազգայինի հիմնադրութեան 95ամեակի առիթով՝ լոյս տեսաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ. Անաւարտ Պատերազմ» հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը, բաղկացած երեք մասերէ` Արցախի 44օրեայ պատերազմը, պատերազմէն ետք իրավիճակը եւ Արցախի շրջափակումը։
Պատկերագիրքը ստանալու համար կարելի է դիմել Համազգայինի Շրջանային վարչութիւններուն եւ գրասենեակներուն կամ գրելով artsakh@hamazkayin.com հասցէին։