
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ-ՖՈՆ ՏԵՐ ԼԷՅԵՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն բոլոր լուսարձակները իր վրայ հրաւիրած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենի եռակողմ հանդիպումը՝ վերահաստատելու աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ընկերաին-տնտեսական կայունութեան:
Հանդիպումին աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը սատարեն Հայաստանի եւ տարածաշրջանին համար կայուն, խաղաղ, ապահով, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագային։ Այս ծիրին մէջ, նպատակ ունինք ընդլայնելու համագործակցութիւնը՝ Հայաստանի կայութեան ամրապնդման գծով, եւ որ կը ներառէ առանցքային տարբեր ոլորտներ, ինչպէս՝ քաղաքական բարեփոխումները, տնտեսական զարգացումը եւ մարդասիրական աջակցութիւնը։ Մենք պիտի ձգտինք ընդլայնել մեր գործընկերութիւնները, օրինակ՝ շարժունակութեան, կառավարման, օրէնքի կիրարկման, առեւտուրի, կապի, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ։ Այս առանցքային ոլորտներուն աջակցելու նպատակով, Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն աւելի ամուր համագործակցութիւն Հայաստանի հետ։
«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները բարձր գնահատեցին 2018էն ի վեր ժողովրդավարութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի արձանագրած էական յառաջընթացը եւ յանձնառութիւն յայտնեցին շարունակելու գործընկերութիւնը եւ աջակցելու Հայաստանին՝ նկատի ունենալով, որ անիկա կը շարունակէ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը մեր հասարակաց արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համահունչ։
«Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին՝ անոր բարեփոխումներու ճամբուն վրայ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման միջոցով: Բարեփոխումները խթանելու եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակով, Եւրոպական Միութիւնը ու Հայաստան պիտի ապահովեն յառաջընթաց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան նոր օրակարգի շուրջ:
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է օգնելու Հայաստանին եւ վարչապետ Փաշինեանին` իրականացնելու նախանշուած բարեփոխումները: Պայտընի վարչակազմը Քոնկրեսին հետ կը նախատեսէ 2024 տարուան ընթացքին շուրջ 65 միլիոն տոլարի զարգացման աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին:
«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները ողջունեցին արտաքին աշխարհին հետ կապը բարելաւելու Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ ներառեալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որ պիտի խթանէ հասարակաց բարգաւաճումը եւ շրջանային տնտեսական եւ առեւտուրի բազմազանացումը։
«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են յաւելեալ օգնութիւն ցուցաբերելու՝ օգնելու Հայաստանին նուազեցնելու վտանգները, բազմազանեցնել առեւտուրը եւ ամրապնդել տնտեսական եւ կառուցային կայունութիւնը»։
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները պիտի օգնեն Հայաստանին եւ տրամադրեն «տեղահանուած մարդոց տնտեսական եւ ընկերային երկարաժամկէտ ներառման գծով պիւտճէական աջակցութիւն»։
«Բարգաւաճ, գերիշխան եւ ժողովրդավարական Հայաստան, որ կը զարգացնէ իր սեփական գործընկերային յարաբերութիւնները եւ ազատօրէն կ՛որոշէ իր ուղին, պիտի նպաստէ շրջանային կայունութեան եւ բարգաւաճման», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը։
Փաշինեան «Էքս»ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով՝ «գերազանց» որակեց Պլինքընի եւ Ֆոն տէր Լէյենի հետ իր հանդիպումը՝ աւելցնելով. «Գերազանց խորհրդակցութիւններ ենք անցկացրել Միացեալ Նահանգների եւ Եւրամիութեան գործընկերների հետ` Հայաստանի տնտեսական, հումանիտար (մարդասիրական) եւ ժողովրդավարական կայունութեան ամրապնդման նպատակով համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ»։
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյեն նախքան հանդիպումը տեղի ունեցած Փաշինեանի, Պլինքընի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք այս հանդիպումին մասին համաձայնած էինք նախորդ Հոկտեմբերին, եւ յայտարարած, որ պատրաստ ենք ուս ուսի կանգնելու Հայաստանի կողքին եւ այժմ կը կատարենք այդ խոստումը»: Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու շրջանցման հարցին մէջ որդեգրած քայլերը։ «Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մենք նոյն տեսակէտները եւ արժէքները ունինք», ըսաւ ան։
Ֆոն տեր Լեյէն հաղորդեց, որ Պրիւքսէլ պատրաստ է յաւելեալ 270 միլիոն եուրոյի դրամաշնորհ տրամադրելու՝ նշելով. «Մենք պիտի աջակցինք, որպէսզի Հայաստան ըլլայ աւելի դիմացկուն։ Մենք պիտի աջակցինք փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն, որպէսզի անոնց օգնենք զարգանալ, մտնել նոր շուկաներ։ Մենք ներդրումներ պիտի կատարենք ենթակառոյցներու նախագիծերու մէջ»։
Էնթընի Պլինքըն իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ նախաձեռնուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին։ Ըստ անոր՝ հզօր ապագայ կայ տարածաշրջանին համար, որ հետզհետէ աւելի կը համարկուի, եւ որ օգուտ պիտի բերէ մարդոց ու երկիրներուն։ «Եւ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզեն օգնել ձեզի այդ մէկը կառուցելու», ըսաւ Պլինքըն՝ աւելցնելով. «Մենք հոս հաւաքուած ենք՝ վերահաստատելու անդրատլանտեան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական, բարեկեցիկ ապագային եւ աւելի համարկուած եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին։ Մենք կը կիսենք հայ ժողովուրդին ապագայի տեսլականը։ Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստան ըլլայ ուժեղ, անկախ, իր դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրող՝ տարածաշրջանին եւ աշխարհին հետ կապուածութեամբ։ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզեն գործընկեր դառնալ այս հարցին. կը կարծեմ, թէ այս օրը այդ բոլորին վկայութիւնն է»: Ան նաեւ յայտնեց, որ պէտք է օգտագործել հայ ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարներուն ընտրութեան այս պահը։
Անդրադառնալով Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած հայ բնակչութեան աջակցութեան՝ Պլինքըն ըսաւ. «Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 100 հազար հայերուն։ Ասիկա վճռորոշ նշանակութիւն ունի Հայաստանի երկարաժամկէտ կայունութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ անոր շրջանային ապահովութեան համար։ Հայաստանի համար շրջանային համարկումը ապահովութեան եւ բարգաւաճման բանալին է»։
Պորել իր կարգին յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Հայաստանի համար դրական օրակարգ մշակել եւ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ միաւորելով ուժերը, ցոյց տալ Հայաստանի գերիշխանութեան, ժողովրդավարութեան ու կայունութեան հանդէպ ամուր նուիրուածութիւնը։
Ան շեշտեց, որ ուժեղ եւ կայուն Հայաստան կը նշանակէ աւելի ուժեղ եւ կայուն Հարաւային Կովկաս, որ օգուտ պիտի բերէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն։
Փաշինեան երախտագիտութիւն յայտնեց շարունակական այս յանձնառութեան համար եւ ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է շարունակելու բարեփոխումներն ու Արեւմուտքին հետ սերտ յարաբերութիւնները: Ան միակն էր, որ խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին՝ յիշատակելով հիմնարար սկզբունքները:
«Ցանկանում եմ ընդգծել, որ մենք հաւատարիմ ենք մնում Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորմանը` հիմնուած միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ` համաձայն 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրի: Հայաստանը նաեւ լիովին հաւատարիմ է Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ սահմանների սահմանազատմանը եւ տարածաշրջանային բոլոր հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակմանը, որը հիմնուած է երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքների լիարժէք յարգման վրայ», յայտարարեց Փաշինեան: