ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (AEF) կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունիլ 2023-2024 կրթական տարեշրջանի` Ռիչըրտ Ռ. Թիւֆէնքեանի անուան, ինչպէս նաեւ «Մարգարեան- Առաքելեանս» կրթանպաստի դիմումնագիրները:
3000ական տոլարի երեք կրթանպաստներ պիտի տրամադրուին Պսակաւոր վկայականի համար համալսարան յաճախող հայ ուսանողներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ վարկաւորուած համալսարանի մը մէջ առնուազն 3.0 վարկանիշ (Ճի.Փի.Էյ.) ապահոված են, նաեւ` նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին եւ հայ գաղութին մէջ գործօն դերակատարներ են:
«Մարգարեան- Առաքելեանս» կրթանպաստին կրնան դիմել Պսակաւոր կամ աւելի բարձր վկայականի համար համալսարան յաճախող հայ ուսանողներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ վարկաւորուած համալսարանի մը մէջ առնուազն 3.0 վարկանիշ ապահոված են, նաեւ` նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին եւ հայ համայնքին մէջ գործօն դերակատարներ են: Այս տարի երկու ուսանողներու պիտի տրամադրուին 1500 տոլարի կրթանպաստներ։
Դիմումնագիրին կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://aefweb.org/scholarships/ կայքէջը: Ամբողջացուած դիմումնագիրը պէտք է Հայ կրթական հիմնարկութեան յղուի ամէնէն ուշը մինչեւ 30 Ապրիլ: