ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսահայ ըմբիշ Գագիկ Սնջոյեան, ապահովական նկատառումներէ մեկնելով՝ հրաժարեցաւ մասնակցելէ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի Եւրոպայի ընտրական մրցաշարքին, որ անհրաժեշտ հանգրուան մըն է ամրան Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիականներու մասնակցութեան «անցագիր» մը ձեռք ձգելու համար։
Սնջոյեան յունահռոմէական ոճի 67 քլկ. դասակարգին մէջ, Ֆրանսայի թիւ մէկ ըմբիշն է։ Ան նախ որոշած էր մասնակցիլ 5էն 7 Ապրիլ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ընտրական մրցաշարքին, սակայն անոր ընտանիքի անդամները, որոնք մտահոգ էին հայ երիտասարդին ապահովութեամբ, համոզեցին զինք, որ չմեկնի Ատրպէյճան:
«Ոեւէ հայ, որ կը մտնէ Ատրպէյճանի տարածքը՝ կրնայ չվերադառնալ: Ես չեմ այդ ըսողը, այլ՝ ապրուած դէպքերը այդ մէկը ցոյց կու տան», ֆրանսական «Ա. Էֆ.Փէ.»ին յայտնեց 22ամեայ Սնջոյեան՝ աւելցնելով. «Եթէ վերջին շրջանին կը հետեւիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան՝ պիտի հաստատէք, որ իսկապէս բարդ է իրավիճակը եւ ոչ մէկ հայ կ՛երթայ Ատրպէյճան եւ հակառակը»: 2001ին Երեւան ծնած Սնջոյեան իր ըմբշամարտի ասպարէզը սկսած է հայրենի երկրին մէջ, նախքան ընտանիքին՝ շուրջ մէկ տասնամեակ առաջ Ֆրանսա ապաստանիլը:
Հակառակ Ֆրանսայի ըմբշամարտի դաշնակցութեան՝ ապահովութեան մակարդակը բարձրացնելու առաջարկին Սնջոյեան մերժեց մեկնիլ, իր իսկ վկայութեամբ՝ ստիպուած ըլլալով տալու մարզական իր ասպարէզի «ամէնէն դժուար» որոշումը: «Ես երբեք այսպիսի իրավիճակի մը մէջ չէի յայտնուած: Կը մտածէի, որ այսպիսի բաներ չեն կրնար պատահիլ ինծի, անոնք միայն ուրիշներու համար են: Իսկ երբ ձեզի ալ կը պատահի…։ Մէկ կողմը ունիս քու ընտանիքը, միւս կողմը՝ քու երազը եւ տասնամեակներով հոսեցուցած քրտինքդ… ես որոշեցի գերադասել իմ ընտանիքը», եզրափակեց Սնջոյեան։
Հայ մարզիկը փոխարինուեցաւ իր դասակարգին Ֆրանսայի թիւ 2ին՝ Մամատասա Սիլլայի կողմէ։