
(Սասնոյ Ա. եւ Բ. Ապստամբութիւններուն Առիթով)
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Այս տարի կը զուգադիպի Սասնոյ առաջին ապստամբութեան 130ամեակին (1894), իսկ երկրորդ ապստամբութեան 120ամեակին (1904)։ Զոյգ ապստամբութիւնները, որոնք տեղի ունեցան տասը տարուան տարբերութեամբ, մաս կը կազմեն հայոց պատմութեան փառահեղ դրուագներուն։
Աշխարհագրականօրէն Սասուն որպէս գաւառակ մաս կազմած է Տարօնին եւ եղած է Արարատեան, Երուանդունիներու, Արտաշէսեաններու եւ Արշակունիներու թագաւորութեան սահմաններուն մէջ։ Լեռնային երկիր ըլլալով, Սասուն շարունակած է իր կիսանկախ դրութիւնը նոյնիսկ արաբական եւ օսմանեան տիրապետութեան շրջանին։ Ինչպէս Հայաստանի տարբեր շրջաններ, այստեղ եւս քիւրտերը սկսած են հաստատուիլ 16րդ դարէն սկսեալ։ 19րդ դարուն Սասունի մէկ փոքր հատուածը մնացած էր զուտ հայաբնակ եւ ունէր կիսանկախ դրութիւն։ Այս շրջանը կը հաշուէր աւելի յիսուն գիւղեր, շուրջ 10,000 բնակչութեամբ եւ ծանօթ էր Ազատ Սասուն անունով։
Մինչեւ 19րդ դարու երկրորդ կէսը, մանաւանդ Հայկական Հարցի երեւան գալը, օսմանեան կառավարութիւնը հաշտ աչքով կը դիտէր այդ գիւղերու վիճակին։ Անոնք երբեմն զինեալ բախումներ կ՛ունենային քիւրտերու հետ, անոնց թալանելու ախորժակները զսպելու եւ կառավարութիւնը գիտակցելով այս իրողութեան, չէր միջամտեր եւ թոյլ կու տար որ այդ բախումները աւարտին այս կամ այն կողմին յաղթանակով։
1880ականներուն, ինչպէս հայ կեանքին այնպէս ալ Տարօնի մէջ ազգային զարթօնքը իր ծիլերը կը սկսի տալ։ Ազգային գիտակցութիւնը կը սկսի ծաւալիլ շրջանին մէջ։ Կը սկսին կազմաւորուիլ առաջին հայդուկները, որոնք տակաւին միմիայն վրէժխնդրութեան հողի վրայ կը գործեն։ Տարօն կը հասնին Կովկասէն հնչակեան գործիչներ Միհրան Տամատեան ու Համբարձում Պոյաճեան։ Բնականաբար, կառավարութեան ուշադրութենէն չէր կրնար վրիպիլ ազգային այս զարթօնքը։ Ահա թէ ինչ կը գրէ Ռուբէն Տէր Մինասեան իր «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակներ»ուն 3րդ հատորին մէջ․ «Բայց 1891էն յետոյ, երբ կառավարութիւնը կը նկատէ, որ Սասունի մէջ հայկական ազգային եռանդուն փրոփականտ (քարոզչութիւն) մը տեղի կ՛ունենայ եւ վահշի (վայրի) սասունցին յենարան կը դառնայ յեղափոխականներու գործունէութեան ու ապաստան կու տայ Տամատեանի նման «վտանգաւոր» մարդոց, այն ատեն հիմնապէս կը փոխուի իշխանութեան վերաբերմունքը։ Այժմ արդէն կառավարութիւնը կը ձգտի քանդել այդ լեռնագաւառը»։
Կառավարութեան դրդումով, հայ-քրտական բախումները կը դառնան յաճախակի։ Իսկ 1893ին քրտական բազմահազարանոց յարձակում կը կատարուի Տալուորիկի ուղղութեամբ։ Այս ճակատամարտը կ՛աւարտի քիւրտերու ամբողջական պարտութեամբ։ Բայց յաղթանակը թանկ կը նստի սասունցիներուն վրայ։ Անոնք կու տան մօտաւորապէս 200 զոհ եւ կը սպառեն իրենց ռազմամթերքին աւելի քան կէսը։ Յաջորդ տարի, 1894ի ամրան, թրքական կանոնաւոր բանակը կը պաշարէ Սասունը։ Ինքնապաշտպանութիւնը երկար չի տեւեր։ Հայկական կողմը ռազմամթերքի պակասի պատճառով, անընդհատ նահանջելով վերջնականապէս կը պաշարուի եւ կը կոտորուի։ Այս ապստամբութեան ոգին՝ Շէնիկի Գրգոն (Գրիգոր Մոսէյեան) նոյնպէս կը նահատակուի։ Իսկ ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն շատեր գերի կ՛իյնան թրքական բանակին ձեռքը։
Այս ապստամբութիւնը մեծ աղմուկ կը հանէ։ Եւրոպացի դիւանագէտներ կը շտապեն Մուշ եւ տեղեկագիրներ ներկայացնել իրենց պետութիւններուն։ Այս հանգամանքը պատճառ կը դառնայ որ օսմանեան բանակը քաշուի Սասունէն եւ տեղւոյն ժողովուրդը վերադառնայ իր տուները։
Թրքական բանակին հեռացումը Սասունէն առիթ կը հանդիսանայ, որ Սասունը վերագտնէ իր կիսանկախ դրութիւնը եւ 1896էն մինչեւ 1904ի Բ․ ապստամբութիւնը բնական յենարանը կը դառնայ ֆետայիներու, որոնք յաճախ կառավարութեան հալածանքներէն խուսափելով կ՛ապաստանին այնտեղ։
1904ի Ապրիլին կը սկսի Սասնոյ Բ․ ապստամբութիւնը։ Եթէ առաջինը տեղի ունեցած էր զուտ տեղական ուժերով, ապա այս մէկը կազմակերպուած էր Դաշնակցութեան կողմէ, անոր զինական եւ մարդուժի օժանդակութեամբ։ Ապստամբութեան ղեկավարներն էին Վահան Տողրամաճեան, Հրայր Դժոխք, Անդրանիկ, Քեռի, Գէորգ Չաւուշ։ Ինքնապաշտպանական կռիւները կը տեւեն շուրջ երկու շաբաթ, որմէ ետք ժողովուրդը Սեբաստացի Մուրատի առաջնորդութեամբ կը տեղափոխուի Մշոյ Դաշտ իսկ ֆետայիները հայդուկային կռիւները կը շարունակեն լեռներուն վրայ։ Թրքական զօրքը Մայիս ամսուն ամբողջութեամբ իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ Սասունը եւ կը սկսի շինել զօրանոցներ։ Այս ձեւով Սասունը կ՛ընկճուի 1904ին։
Այս զոյգ ապստամբութիւններուն ալ դրդապատճառը ոչ այնքան սասունցիներուն զինուած ըլլալու հանգամանքն էր, որքան անոնց ազգային նպատակներու հետապնդումը։ Ռուբէնի մատնանշումը, թէ սասունցին սկսած է տեղ տալ ազգային գաղափարներու տէր մարդոց եւ յեղափոխականներու, ինքնին վտանգ կը ներկայացնէր թրքական կառավարութեան։ Այլ խօսքով, այնքան ժամանակ որ հայը Թուրքիոյ տարածքին կ՛ապրէր իբրեւ հպատակ, կատարելով իր կրօնական կամ աւանդական բարքերը եւ չունէր ազգային գիտակցութիւն եւ քաղաքական գործօն չէր, Օսմանեան կայսրութեան համար ան ընդունելի տարր էր։ Այն օրը որ հայ մարդը գիտակցեցաւ եւ որոշեց պայքարիլ իր ազգային նպատակներուն համար, ան դարձաւ թուրք պետութեան համար թշնամի։
Այսօր աւելի քան 100 տարի ետք, նոյն պատկերը կ՛ուրուագծուի մեր առջեւ։ Պետականութիւն ունենալով հանդերձ մենք տակաւին չենք դարձած քաղաքական գործօն կամ քաղաքական ուժ։ Մեր հարեւաններուն համար անբաղձալի է մեր հզօրացումը իբրեւ ազգային միաւոր, անկախ այն իրողութենէն թէ պահանջատէր կը դառնանք կամ ոչ։ Անոնց ձեռնտու է թոյլ Հայաստան մը, որ զուրկ է իրաւունքներէ, ինքզինք պաշտպանելու կարողականութենէ եւ իբրեւ քաղաքական միաւոր իր ձայնը լսելի դարձնելու միջազգային հանրութեան։ Սասնոյ զոյգ ապստամբութիւններուն պատգամը այս իմաստով աւելի քան այժմէական է՝ զէնքով, այսինքն ուժով նուաճել քաղաքականապէս հզօրանալու իրաւունքը։
1979ին, Սասնոյ Բ․ ասպտամբութեան 75ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, այդ օրերու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սարգիս Զէյթլեան այսպէս կը բանաձեւէր քաղաքական գործօն դառնալու մեր ուղին. «Արուեստներուն մեծագոյնը ռազմական արուեստն է, մշակոյթներուն մեծագոյնը պետական արուեստն է, պետականութիւն ստեղծելու արուեստն է։ Զէնքը նոյնքան արուեստ է եւ արժէք, որքան գիրքը»։