

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԽԱՒԱՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Խաւարումը սկսաւ: Լուսինը մասամբ ծածկեց արեւը: Քանի մը դրացի փողոց ելաւ: Այսօր, յարգելի ընթերցող, 8 Ապրիլ 2024ին, երբ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու բնակիչներ ականատես կ՛ըլլան արեգակի խաւարման, ես ալ որոշեցի «խաւար» բառի մասին գրել եւ հասկնալ, թէ հայոց մայրենին առաջին անգամ ե՛րբ խաւարեցաւ, արդեօք խաւարը երբեք պատե՞ց հայոց երկիրը, խաւարում մը տեղի ունեցա՞ւ հայու հոգւոյն մէջ: Այս հարցումներուն պատասխանելու նպատակով, հայկական հնագոյն գրականութեան բաւական ընդարձակ ապարանքի մութ սրահներուն մէջ խարխափելով՝ որոնեցի հայ բանաստեղծներու, տաղասացներու եւ վանականներու վկայութիւնները: Ըսեմ նաեւ, որ այդ «խաւար» բայց շքեղ ապարանքի հիւսիսային պատուհանը կը նայէր Խրիմին, հարաւայինը՝ Շոռոթին, արեւելեանը՝ Թիֆլիսին, իսկ արեւմտեանը՝ Պոլսոյ: Այս յօդուածի աւարտին պիտի լուսաւորուին բոլոր ծալքերը (եթէ լուսինը արտօնէ), եւ դուք զարմանալով պիտի համոզուիք, որ հայկական «խաւար» բառին պատմութիւնը ո՛չ թէ մթութեան եւ տրտմութեան պատմութիւն է, այլ՝ լոյսի եւ սիրոյ:
ԱՌԱՋԻՆ ԽԱՒԱՐՈՒՄՆԵՐԸ
Մեր գրաւոր լեզուի առաջին խաւարումը տեղի ունեցաւ 5րդ դարուն, երբ Գիրքի մէջ մտան «խաւար» խօսքեր, ինչպէս՝ «Խաւարեցաւ արեգակն եւ օդք»: Ապա եկան միջնադարեան այլ խօսքեր. «Կոչեաց աստուած զլոյսն տիւ, եւ զխաւարն կոչեաց գիշեր», «Խաւար շօշափել», «Աստուած իմ լոյս արա ինձ ՛ի խաւար»ջ: Աստուածաշունչ մատեանին մէջ «խաւար» բառը կը նշանակէր նաեւ հոգեկան մոլութիւն. «Խաւարն կուրացոյց զաչս»: Գրաբարախօս մեր նախնիները՝ լուսամիտ գրիչներ, վանականներ, թարգմանիչներ, «խաւար» բառը գործածելով ստեղծեցին պատկերաւոր, նոյնիսկ բանաստեղծական արտայայտութիւններ: Ահա օրինակ մը. «Ընդ խաւար գնալ» կամ «Խաւար տգիտութեան»՝ միտքի անգիտութիւնը: Գեղեցիկ է տեսնել, որ «խաւար»ը շարունակած է հայկական ժամանակակից դարձուածքներու գանձարանը լուսաւորել: Այսօր կ՛ըսենք. սեւազգեստ եւ տրտմերես հայուհին «հագեր է խաւար», յետամիտ մարդը «խաւարի արբանեակ» է, յետադիմութեան գործակիցը՝ «խաւարի ծնունդ»:
ԽԱՒԱՐԸ ՏԱՐԱԾՈՒԵՑԱՒ
Անցան դարեր եւ խաւարը սկսաւ բառ առ բառ ծածկել մեր մայրենին: Այսօր «խաւար» արմատով կազմուած 90ի չափ բառ ունինք: Բոլորը յիշելու եւ ձեզի տրտմութիւն պատճառելու նպատակ չունիմ: Բայց կան ընտիր բառեր, որոնք մեր անտարբերութեան պատճառով, փոխանակ հայու շրթունքը զարդարելու՝ երկար ժամանակ մնացած են գիրքերու, բառարաններու մութ խորշերուն մէջ: Այսօր ես կ՛առաջարկեմ եօթնեակ մը յիշել եւ անոնց վրայ լոյս սփռել. խաւարաբեր, խաւարաբնակ, խաւարադէմ, խաւարանիստ, խաւարաշրջիկ, խաւարաշունչ եւ խաւարակուլ: Եղած են ժամանակներ, երբ այս բառերը գործածելի էին, անկասկա՛ծ: Հին հայկական մատենագրութիւնն է վկայ. «Այս է խաւարաբեր ժամանակն»՝ 11րդ դար, «Խաւարաբնակ եւ չարասէրն սատանայ»՝ 15րդ դար: Խաւարը փարատող «խաւարակուլ» բառը առաջին գործածողը եղաւ Ոսկեդարու հայ պատմիչ Ագաթանգեղոսը. «Լոյսն համասփիւռ խաւարակուլ: Լոյսն խաւարակուլ ստուերահալած»:
ԽԱՒԱՐ ՊԱՏԵՑ ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԸ
Անցան լուսաւոր օրերը: Խաւար տեղաց հայոց աշխարհին վրայ: Այդ ժամանակ հայ վանականը իր խաւար խուցին մէջ, մոմի լոյսին տակ, իր աղօթքը կիսատ՝ գրեց եղերական յիշատակարաններ: Յիշենք եւ չմոռնանք 1387, 1388, 1395, 1401 եւ 1402 թուականները, երբ սուգի խաւար ձորի մը վերածուեցաւ Հայաստանը: Այդ օրերու հուրին եւ սուրին ականատեսն էր Մատենադարանի թիւ 4216 ձեռագիր Աւետարանի գրիչը: Ան ըսաւ, թէ նետաձիգ մարդիկ Կասպից ծովու արեւելեան կողմէն կործանիչ ալիքներու պէս եկան, մրրիկի պէս էին, ունէին սուր: Երկիրը տատանելով կը ծփէր բռնութեան մէջ (Գրչութեան թուական՝ 1407): Ապա՞… Խաւարաշունչ լռութիւն: Թող հեղինակը ի՛նք խօսի. «Դառն եւ ի դժնա ժամանակի, յորում խաւար անլուս եւ մեք [մենք] անմխիթար»: Յարգելի ընթերցող այդ պատմութեան քնարական տարբերակը եթէ կը փափաքիք կարդալ, կ՛առաջարեկմ, որ ընթերցէք Յովհաննէս Թումանեանի «Աղաւնու Վանքը» աւանդազրոյցը: Իսկ ես մէջբերեմ Ամենայն հայոց բանաստեղծին՝ երգի վերածուած «Հայրենիքիս Հետ» քերթուածը, որ կը նկարագրէ, թէ նոյն աշխարհագրութենէն եկած եւ Հայոց աշխարհը յօշոտելէն հաճոյք առած մարդիկ ի՛նչ վիճակի մէջ ձգեցին Հայաստանը. «Տխո՜ւր, դատարկ ու խաւար»: Հեգնական է այն, որ երբ հայոց խաւարը եկած է արեւելքէն՝ հայոց եկեղեցիներու սուրբ խորաններու ուղղութենէն, իրանական ծագում ունեցող «խաւար» բառը բուն իմաստով կը նշանակէ «արեւմուտք»:
ՄԵՂԱՒՈՐ ԵՄ. ԽԱՒԱՐԵՑԱՅ
Նոյն գրիչը մտածեց, թէ այդ արհաւիրքը պատահեցաւ, որովհետեւ մեղաւոր էինք: Աստուածային պատիժ: Այս բացատրութեան համաձայն էր Բաղէշ քաղաքի Գոմաց վանքին մէջ՝ 1426ին գրուած վկայութիւնը, որ ըսաւ, թէ Տէրը մեզմէ չհեռացաւ, այլ մենք հեռացանք Տիրոջմէ, անոր քաղցր եւ վայելուչ տեսութենէն, մերժեցինք քրիստոնէական խոնարհութիւնը, ծարաւ մնացինք գեղեցիկ վարդապետութեան անուշահամ բաժակին, օտարացանք առաքինութեանց եւ՝ «խաւար տարածեցաւ ի վերայ Հայաստանեաց»: Յարգելի ընթերցող, մի զարմանաք երբ ձեզի ըսեմ, որ միջնադարուն յաճախ քով քովի յիշուած են «խաւար» եւ «մեղք» բառերը: Այդ աւանդութեան կարկառուն ներկայացուցիչը կարելի է նկատել Գրիգոր Նարեկացին: Բանաստեղծ վանահայրը իր Մատեանին մէջ «խաւար» բառին քով դրաւ հետեւեալ գոյականները. Խաւար՝ ամօթոյս, ստութեան, բարկութեան, տարակուսութեան, եւ՝ մեղաց: Վարդապետը մեզի ըսաւ նաեւ, թէ ի՛նչ մեղք գործեց. «Շօշափեցի զխաւար եւ ոչ զլոյս»: Ապա, սուրբը դարձաւ Աստուծոյ եւ ըսաւ. «Մի կուրացուցաներ զխաւարեալս / Լուսաւորեա՛ վերստին զխաւարեցեալ հոգւոյս աչս»: Նարեկացիին յաջորդեցին ուրիշներ. «Իմ մեղքն ինձ խաւար էած»՝ Ներսէս Շնորհալի, «Ի խաւար դժոխոց փրկեա զիս, Աստուած»՝ Սուքիաս, «Ճանապարհ բարի Քրիստոս, ճանապարհս է մութն ու խաւար»՝ Կարապետ Բաղիշեցի: Տաղասաց Յովսէփը խաւարի մէջ էր, որովհետեւ կ՛այրէր իր սիրելիներուն կարօտով. «Հուր եղեւ բովանդակ մարմինս, կու վառի, / Միտք իմ խաւար, լեզուս այլ ոչ բարբառի, / Կարօտ եմ, կարօտ եմ, կարօտ սիրելեաց»: Իսկ Մահտեսի Աւետիքը խոստովանեցաւ, թէ ինք արժանի էր խաւարի. «Բանք պիտանի ոչ եմ կարող, / Գործովս արժանի եմ խաւար»ջ:
ԽԱՒԱՐԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆՇՈՅԼՆԵՐԸ
Խաւար բառը, մի՛ տրտմիք, միշտ չէ, որ յիշուեցաւ «մեղք» բառի իմաստով: Առաջին պարբերութեան մէջ խոստացած էի, որ յօդուածս պիտի ըլլայ սիրոյ պատմութիւն: Ուստի, «խաւար» բառի պատմութեան մռայլ, թախծոտ եւ մեղաւոր կէսը այսօր աւարտենք, իսկ յաջորդ յօդուածիս մէջ՝ հիւսիս, արեւելք, հարաւ եւ արեւմուտք ճանապարհորդութիւն մը կատարենք եւ գտնենք քնարական պատառիկներ, ուր այս անգամ սէրը թող գայ եւ ծածկէ խաւարը:
ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԽԱՒԱՐ
Լուսնի քօղէն ազատեցաւ արեգակը: Դրացիները իրենց տուները մտան: Մէկը ըսաւ, թէ յաջորդ խաւարումը տեղի պիտի ունենայ 23 Օգոստոս 2044 թուականին: Մինչեւ այդ թուականը, մենք լոյսի համար աշխատինք եւ ինչո՞ւ չէ՝ ունկնդրենք քաղցրիկ երգ մը, ուր լուսինը փոխանակ լոյսը խափանելու՝ կը հալածէ խաւարը. խօսք՝ Յակոբ Աղաբաբեան, ձայնագրութիւն՝ Կոմիտաս.
«Լուսինն ելաւ էն սարից,
Սարի բարձր կատարից,
Շէկլիկ-մէկլիկ երեսով՝
Փռեց գետնին լոյսի ծով.
Խաւարն իսկոյն չքացաւ,
Ու էլ գետնին չկացաւ,
Լուսնի լոյսից հալածուած՝
Խոր ձորերի մէջ մնաց»: