
Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի, զօրակցութեամբ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու, Կլենտէյլի «Փալատիօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կանգնումին նուիրուած հանգանակային անդրանիկ ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղան Ազգային վարչութեան, ծխական շրջաններու հոգաբարձութիւններու, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, շրջանի մէջ գործող քոյր միութիւններու եւ կառոյցներու կազմեր ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր՝ մօտաւորապէս 400 անձեր:
Երեկոյի հաղորդավարուհին՝ Փրենի Ալաւերտեանի բացման խօսքէն ետք, Պերճ Քիրազեան յաջորդաբար հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Ռշտունիի:
Առաջնորդ սրբազանը կատարեց բացման աղօթք եւ օրհնեց սեղանները, ապա, երեկոյին ընթացքին, ներկաներուն փոխանցեց հոգեգրաւ պատգամ՝ վեր առնելով եկեղեցաշինութեան կարեւորութիւնը ազգի կեանքին մէջ, «Երանի եկեղեցի շինողաց» ժամագրքային մաղթանքը մասունքի մը քաղցրութեամբ բաշխելով ներկաներուն:

Իր խօսքին մէջ, Թորգոմ արքեպիսկոպոսը նաեւ հաստատեց, որ հոն ուր գմբէթ կայ, կայ նաեւ կեանք, յաջողութիւն եւ սէր: Այնուհետեւ հակիրճ պատմականը ընելով Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կենսաւորման՝ նշեց, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ եւ նուիրատու ընտանիքին փափաքով եկեղեցին անուանակոչուեցաւ Ս. Հրեշտակապետաց՝ ի յիշատակ գլխաւոր բարերար Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու հանգուցեալ հօր եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Անժելին, միաժամանակ բացատրելով, որ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին ծնունդ առաւ անցնող ամիսներուն՝ շնորհիւ Ազգային առաջնորդարանին եւ բարերարներու հսկայ բանակի մը զօրակցութեան, որուն գլխաւորութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները՝ կատարելով իշխանական նուիրատուութիւն մը: Գնահատելով Մելքոնեան ամոլի ազգային, եկեղեցաշինական, հայրենական եւ մարդասիրական բարերարութիւնները՝ առաջնորդ սրբազանը զոյգը կոչեց «քաջ բարերարներ Արեւմտեան Ամերիկայի» եւ զանոնք պատուեց յատուկ յուշանուէրով մը:
Երեկոն ճոխ էր իր բազմազանութեամբ: Ընթրիքին ընկերակցեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկաները ըմբոշխնեցին հաճելի երաժշտութիւն, կատարողութեամբ՝ Հռիփսիմէ Ռշտունիի (դաշնամուր), Աշոտ Տումանեանի (ջութակ) եւ Արմենակ Գրիգորեանի (հարուածային գործիքներ), ապա տեսերիզով հաղորդ դարձան Քրեսենթա Հովիտի հայկական եկեղեցւոյ պատմական հոլովոյթին, ներկաներէն շատ շատերու հոգիներուն մէջ արթնցնելով հեռու եւ մօտիկ սիրալիր յուշեր:


Մելքոնեան ընտանիքին անունով շնորհակալական սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մելքոնեաններու հարս, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուս Մելքոնեան: Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրացան հանրաճանաչ երգչուհիներ Արմինէ Վարդանեան, Նաթալի Պիիւքեանս, Հայկուհի Պապախանեան եւ երգիչ Պերճ Քիրազեան՝ ներկաներուն մատուցելով հայկական ժողովրդական, գուսանական եւ օփերայի մեներգներ եւ զուգերգներ:
Ճաշկերոյթին նաեւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լա Քրեսենթայի Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիգրան Տէր Սարգիսեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին մէջ տեղւոյն եկեղեցւոյ գործունէութեան եզակի դաշտերը նկատուող երեւոյթներու, ինչպէս՝ Դաստիարակչական յանձնախումբի կրօնական, գիտական եւ մշակութային բնոյթի ձեռնարկներ, օթիզմով մանուկներու հարցերով զբաղող Հայ օժանդակ մարմինի պատասխանատուներուն հետ համագործակցութիւն եւ եկեղեցին դէպի ժողովուրդ տանելու նպատակով՝ եկեղեցասէր անդամներու համար հաւաքական հանդիպումներ եւ իր խօսքը աւարտեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար զոյգին եւ ներկաներուն ուղղուած շնորհակալական արտայայտութիւններով:


Յայտնենք նաեւ, որ այս առիթով, եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Տիգրան Տէր Սարգիսեան, «Փալատիօ» ճաշասրահի սեփականատէր եւ երեկոյի հիւրընկալ Աւօ եւ Յասմիկ Քէշիշեաններուն յանձնեցին գնահատանքի յուշանուէր մը, առ ի երախտագիտութիւն անոնց սրտաբուխ հիւրասիրութեան:
