
«Ֆաքս 26» կայանը կը հաղորդէ, թէ Յունուարի կէսերէն ի վեր, Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը հրձիգի մը թիրախը դարձած է:
Ցարդ վեց յարձակումներու պատճառով այրած են 19 հին ծառեր: Յարձակումներէն վերջինը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 Ապրիլի գիշերը, երբ գլխաւոր մուտքի երկայնքին հրկիզուեցան 8 ծառեր եւս:
Կանչուեցան թէ՛ Ֆրեզնոյի ոստիկանութիւնը եւ թէ հրշէջները, սակայն ցարդ ոչ ոք ձերբակալուած է:
«Ինչպէս կրնաք երեւակայել, տեղի ունեցածը վրդովեցուցիչ է իմ գլխաւորած վարչութեան, հայ համայնքին, իմ անձնակազմին եւ անձնապէս ինծի համար: Մենք միակ հայկական գերեզմաննոցն ենք Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն դուրս. մեր առաքելութիւնն է՝ հայ ընտանիքներուն կարեկցանքով ծառայել՝ պէտք եղած պարագային, նոյն ատեն վառ պահել յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հոս կը հանգչին։ Անձնակազմը եւ ես շատ լուրջ կը վերաբերինք այս առաքելութեան եւ անկարելի է գնահատել, թէ ասիկա որքան ցաւալի է մեզի համար», յայտարարեց «Արարատ» եւ «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատուներուն գործադիր վարիչ Շերի Մենինկ Քարթրայթ։


Հրկիզումները կատարուած են 1885ին հիմնադրուած գերեզմաննոցի ամէնէն հին հատուածին մէջ: Կան դարպասներ եւ կամար մը, որոնք յստակօրէն կը յուշեն, թէ վայրը հայկական է: Այս նոր միջադէպը, որ պատահեցաւ Ապրիլի 24ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու նախօրեակին՝ կասկած կը յառաջացնէ, թէ ասիկա ատելութեան ոճիր մըն է, կը նշէ «Ֆաքս 26» կայանը:
Արձանագրուած վնասին նախահաշիւը շուրջ 25.000 տոլար է: Վարչութիւնը վստահ չէ, որ արդեօք ապահովագրութիւնը պիտի հատուցէ՞ այս ծախսերը:
Նշենք, թէ «Արարատ» գերեզմանատան մէջ թաղուած է Սողոմոն Թեհլիրեան։ Անոր շիրիմին մօտ, իբրեւ յիշատակ անոր՝ յուշարձան մըն զետեղուած է։ Այնտեղ կը գտնուի նաեւ Ուիլեըմ Սարոյեանի շիրիմը։