Ուրբաթ, 26 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, ՀԲԸՄի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ (2495 E Mountain St, Pasadena, CA, 91104) պիտի ցուցադրուի Մանուէլ Սարիբեկեանի «Ամերիկացի Բարի Սամարացիները» ֆիլմը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն Ամերիկայի տրամադրած օժանդակութիւններու պատմութեան։
Շարք մը մրցանակներու տիրացած ֆիլմին տոմսերու սակը 30 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը, իսկ ծանուցումը դիտելու համար՝ այս կայքէջը։