ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, 9 Ապրիլին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց Ապրիլ 24ը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակել՝ «նշելու համար մարդկային պատմութեան ամէնէն մութ օրերէն մէկը»։ Պարկըրի կողքին, բանաձեւին համահեղինակն էր Հիլտա Սոլիս։
Համահեղինակները յայտնեցին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը իւրայատուկ օր մըն է ամբողջ Լոս Անճելըսի հայութեան համար՝ աւելցնելով, որ պատմութիւնը յիշելով է, որ պիտի առաջքը առնենք ապագայի սխալներուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութենէն Եդուարդ Պարսումեան ողջունեց գաւառի իշխանութիւններուն այս որոշումը, շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս Քեթրին Պարկըրին եւ յիշեցնելով, որ Արցախի ցեղասպանութիւնը ցոյց տուաւ, որ ցեղասպանական արշաւը կը շարունակուի։