Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չբացառեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հետագային պիտի հաստատուին կապեր՝ երկկողմ յարաբերութիւններու վիճայարոյց հարցերը քննարկելու համար: Ան չյստակեցուց, որ նման հանդիպում մը ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ։
Մինչ այդ, Քրեմլին յայտարարեց, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի, Ատրպէյճանի նախագահը պիտի մեկնի Մոսկուա` Փութինի հետ հանդիպելու համար:
Ռուսական պետական լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Լաւրով շուրջ տասը վայրկեան խօսեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին եւ դարձեալ պնդեց, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը փորձեն ռուսները դուրս մղել տարածաշրջանէն: Ան Արեւմուտքի մասին խօսեցաւ առանց դիւանագիտական բառապաշարի` անոնց գործողութիւնները որակելով «լկտի ու անպատկառ»: Հայաստանի վարչապետին մասին խօսելու ընթացքին, Լաւրով երկու անգամ յիշատակեց Ազգային ժողովին մէջ անոր վերջին ելոյթը, երբ Փաշինեան յայտարարեց, որ դժուար է թերագնահատել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հայաստանի պետականութեան, տնտեսութեան զարգացման եւ ինքնիշխանութեան վրայ՝ այս հաստատումը կարեւոր նկատելով։ «Քանի որ ասիկա ձեւով մը արձագանգ է Արեւմուտքի` Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան, նախ եւ առաջ` Հայաստանը Ռուսիայէն արագ կշռոյթով պոկելու անպատկառ գործողութիւններուն», ըսաւ Լաւրով:
Հակառակ անոր որ Հայաստան սառեցուցած է ՀԱՊԿին իր անդամակցութիւնը եւ դիմած, որ ռուս սահմանապահները դուրս գան «Զուարթնոց» օդակայանէն` առանց բացառելու, որ նոյնիսկ Գիւմրիէն ռազմակայանի դուրսբերման հարցը պիտի դնէ՝ Լաւրով հաստատեց. «Մենք ամէն պարագայի Հայաստանի հետ դաշնակիցներ ենք»:
«Նախ` իրաւաբանօրէն այդպէս է, եւ ես կը կարծեմ, թէ ոչ միայն իրաւաբանօրէն: Կը կարծեմ, թէ հոն կան մարդիկ, որոնք կը հասկնան Ռուսիոյ նշանակութիւնը Հայաստանի ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման համար», յայտարարեց Լաւրով:
Որպէսզի առաւել յստակ դառնայ այդ «նշանակութիւնը», Լաւրովի իր խօսքին առիւծի բաժինը նուիրեց թիւերու եւ տնտեսական վիճակագրութեան` առեւտրական շրջանառութենէն մինչեւ կազի գին եւ նոյնիսկ Զանգեզուրի գործարանին վճարած հարկերը: «Նախորդ տարի` Հայաստանի ապրանքներու շրջանառութիւնը եղած է 20 եւ քիչ մը աւելի միլիառ տոլար, որուն 37 տոկոսը ԵԱՏՄն է, 13 տոկոսը` Եւրոպական Միութիւնը, 3 տոկոսը`Միացեալ Նահանգները: «Գազպրոմ Արմէնիա»ն 1000 խմ. կազի դիմաց 177 տոլար սահմանած է, Արեւմուտքի մէջ երկու-երեք անգամ աւելի կը վճարեն, եւ եթէ ուզեն Հայաստանը իրենց կազով տաքցնել, չեմ գիտեր` ինչպէս պիտի կարենան: Եթէ, ինչպէս ամերիկացիները ըսին, կ՛ուզեն փակել կորիզային կայանը եւ փոխարինել արեւմտեան փոքր, մոտուլային ելեկտրական սարքերով… Յոյս ունիմ, որ հայերը կը հասկնան Մեծամօրի կորիզային կայանին մէջ արտադրուող ուժանիւթին կարեւորութիւնը: Հարաւկովկասեան երկաթուղին բոլոր այս տարիներուն ընթացքին ուղեւորներու փոխադրման համար գործած է է արտօնեալ գներով: Իսկ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը Հայաստանի պիւտճէի գլխաւոր հարկատուն է»:
Լաւրով նաեւ կրկնեց վերջին տարիներուն Մոսկուայէն պարբերաբար հնչող մեղադրանքները, թէ ՀԱՊԿը պատրաստ էր Հայաստանի սահմանի պահպանութեան համար յաւելեալ սպառազինութիւն փոխանցելու, զօրավարժութիւն իրականացնելու, ինչպէս նաեւ սահմանին առաքելութիւն տեղակայելու: Հայաստան մերժեց այդ առաջարկը` պահանջելով, որ ռազմական կառոյցը յստակօրէն յայտարարէ, որ ի՛նչ է իր պատասխանատուութեան գօտին Հայաստանի մէջ: «Անոր համար Երեւան պէտք է նախ որոշէ, թէ ուրկէ կ՛անցնին Հայաստանի սահմանները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը այժմ աշխոյժ կերպով կը զբաղի այդ հարցով: