Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցի ոգեկոչական ձեռնարկներուն մեկնարկը կատարուեցաւ ժողովրդային ջահերթով:
Արդարեւ, Կիրակի, 21 Ապրիլին, հալէպահայութիւնը ժողովրդային ջահերթով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցը եւ մէկէ աւելի սերունդներ, յատկապէս երիտասարդական միութիւններ ներկայացնող խումբերով քալեց Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն դէպի Ազգային գերեզմանատուն՝ իր յարգանքը մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ յիշելու, պահանջելու իր ուխտը վերանորոգելով:
Ջահերթը կազմակերպած էր ՀՅԴ ՍԵՄի (Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւն) Կեդրոնական վարչութիւնը: Անոր կը մասնակցէին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Հայաստանի Մարդասիրական խումբի պատասխանատու, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններ, հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, Ազգային իշխանութեան, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հարիւրաւոր հալէպահայեր:
Ջահերթը Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու զոյգ դրօշներով առաջնորդեց ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը:
Յաջորդաբար ջահերով տողանցեցին ՀՄԸՄի Հալէպ մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը, ՍԵՄի, Քրիստափոր Ուսանողական միութեան (ՔՈՄ), Հայ Երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ), Սուրիոյ Պատանեկան միութեան ու Համազգայինի, ՍՕԽի եւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան անդամները, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական առաքելութեան խումբը, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օրուան կարգախօսը պարզող եւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներով ու ցուցատախտակներով:
Ազգային գերեզմանատան մուտքին, փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները:
Գերեզմանատան սեմին զետեղուած էին 1915ին նահատակուած մտաւորականներու պատկերները:
Ազգային գերեզմանատան մէջ կազմակերպիչ մարմինին կողմէ խօսք առին՝ Յակոբ Շահինեան (հայերէն) եւ Յարութ Սումպուլեան (արաբերէն): Գեղարուեստական կարճ յայտագիրէ մը ետք օրուան պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը:
Այնուհետեւ ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար բոցավառեցին յուշաքարին մօտ գտնուող ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը:
Ջահերթին ներկայ էին սուրիական լրատուամիջոցները, իսկ «Ռատիօ Երազ»ը ջահերթը կը սփռէր ուղիղ եթերով: