Ատրպէյճան գոհ է՝ տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս Ռուսիոյ մասնակցութեամբ տարածաշրջանին մէջ ապահովական հարցերը կը լուծուին: Լեռնային Ղարաբաղէն ռուսական զօրախումբը վաղաժամ դուրս բերելու շուրջ Մոսկուայի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան լոյսին տակ, այս յայտարարութիւնը կատարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Քրեմլինի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին:
Ալիեւ միօրեայ այցելութեամբ Ռուսիոյ այցելեց մայրաքաղաքը՝ Փութինի հրաւէրով:
Ալիեւ, նախքան հանդիպումները, լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Կովկասի մէջ աւելի լայն աշխարհագրութեան մէջ տարածաշրջանային ապահովութեան տեսանկիւնէն հիմնարար երկիրը Ռուսիան է: Ան շեշտեց, որ Պաքու կը միտի առաւել ամրապնդել վստահութիւնը, համագործակցութիւնը եւ փոխըմբռնումը՝ Մոսկուայի հետ բոլոր հարցերը լուծել փոխգործակցութեան եւ փոխադարձ շահերէ մեկնելով: