ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Գիրքերը կը լուսաւորեն մեր հոգին, կը ոգեշնչեն ու կը զօրացնեն մեզ: Գիրքը, մեր մնայուն եւ անխարդախ բարեկամն է, անկասկած:
Յովսէփ Թօքաթի նոր հատորը իր տեսակին եւ որակին մէջ առաջինն է: Անցեալ շաբաթ, հիանալի հատորը, մակագրուած ստացայ եւ սիրով ըմբոշխնեցի:
«Վանի Անհետացած Աշխարհը» երկլեզու է՝ հայերէն եւ թրքերէն, 527 մեծադիր էջ , լաթակազմ, տպագրուած Պոլիս, չափը՝ 33×23.5 սմ.:
Բարեխիղճ պրպտումի, տքնաջան ու բեղմնաւոր աշխատանքի արդիւնք է Յ. Թօքաթի վերջերս հրատարակած մեծղի հատորը. լուրջ, շքեղ եւ բարձրորակ հրատարակութիւն: Եւ դեռ պիտի աւելցնենք, որ համարձակութիւն եւ խիզախութիւն է պէտք այսպիսի ծաւալուն երկլեզու հատոր մը հրատարակելու համար:
Ներկայ հատորը Յովսէփ Թօքաթի երրորդ ալպոմ-հատորն է: Առաջինը՝ «Հայ Արծաթագործ Վարպետներ»ը, երկու լեզուներով, հրատարակուած Պոլիս, 2005ին, 336 մեծածաւալ էջ, գունաւոր եւ սեւ-սպիտակ նկարներով: Նոյն հատորը 2010ին կը հրատարակուի անգլերէնով եւ թրքերէնով:
Երկրորդը՝ «Աւերակ Քղին», երկլեզու, հրատարակուած Պոլիս, 2015ին, 204 մեծածաւալ էջ, գունաւոր եւ սեւ-սպիտակ նկարներով:
Ինչպէս յայտնի է շատերուն, Յ. Թօքաթ արդէն երկար տարիներէ ի վեր նպատակ կը հետապնդէ մեր ազգային արժէքները նորովի ներկայացնելու, հայերէնէ բացի թրքերէն լեզուով նաեւ, որպէսզի Թուրքիոյ տարածքին երիտասարդներ իրենց լեզուով կարդան եւ գիտնան, թէ հայերը ինչե՜ր կատարած են այդ հողերուն վրայ, որ ՄԵԶԻ կը պատկանէին երկա՜ր դարերով: Այո՛, այս հատորը նաեւ մոռցուած շատ ու շատ բաներ լուսաբանել է, յուշել է, որ մեր արժէքները չմոռնանք, սորվինք եւ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն:
Գունաւոր եւ սեւ-սպիտակ բազմաթիւ նկարները կու գան լրացնելու հեղինակին նորովի պրպտումները: Հատորը հարուստ է իր բովանդակած նիւթերով, եւ ծանր է, մօտ 5.5 քիլօ, ինչո՞ւ, քանի որ մեր ՎԱՆն է:
Բովանդակութիւնը.
Էջ 6ի վրայ Յովսէփ Թօքաթի կարճ կենսագրութիւնն է:
– Յառաջաբան: – Շնորհակալիք:
– Վանի համառօտ պատմութիւնը:
– Վանի աշխարհագրութիւնը:
– Վանի ժողովրդագրական վիճակը:
– Վանի Հայկական մշակոյթը:
– Վանի բնակչութեան զբաղմունքն ու արհեստները (1915էն առաջ):
-Վանի ոսկերչութիւնն ու արծաթագործութիւնը:
– Վանեցի հայերու ընտանեկան կեանքը եւ աւանդութիւնները:
– Վանեցիներու հաւատալիքները:
– Վան նահանգի հայկական վանքերը:
– Վանի ասորական վանքերը:
– Օսմանեան պետութեան վարչական կազմը Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին:
– Օգտագործուած աղբիւրներ:
– Վերջաբան:
Էջ 5ի վրայ կայ ձօն՝ «Այս փոքր աշխատանքս կը նուիրեմ այն համեստ, աշխատասէր եւ ստեղծագործ Հայ ժողովուրդին, որոնք մահը ընտրեցին փոխան ստրկութեան»:
Անշուշտ կատարուած աշխատանքը փոքր չէ:
Ինչպէս ընթերցողը կը նշմարէ, բովանդակութենէն յայտնի է արդէն ընդգրկուած նիւթի մեծութիւնը, պրպտումներու եւ նոր նիւթերով ճոխացնելու հեղինակի ձգտումը, որ, ըստ մեզ, յաջողած է:
Յառաջաբանի սկիզբը հեղինակը կ՛ըսէ. «Փոքր տարիքիս կ՛իմանայի պատմուածքներ Վանի մասին, որոնք ինծի կը թուային առասպելական հեքեաթներ՝ անկարեկիր իշխանութիւններ, անարդարութիւններ, ապստամբութիւններ, հերոսամարտեր, ինքնապաշտպանութիւններ եւ այլն: Ժամանակը չկարողացաւ մաշեցնել հետաքրքրութիւնս» (էջ 10): Իսկ վերջաւորութեան կը յարէ. «…Վերջապէս Ապտուլ Համիտ գահընկէց եղաւ իթթիհատականներու ձեռքով: Արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Քանի որ սուլթանին հայաջինջ գաղափարը ուռճացաւ իթթիհատականներու ցեղապաշտ ու թուրանական գաղափարներով եւ Մեծ Եղեռնը անխուսափելի դարձաւ: Ասոր հետեւանք, Վանը կորսնցուց իր համբաւը՝ մշակոյթի ծիրէն ներս իր առաջնակարգ տեղը: Ապագային իր դիրքը վերահաստատելու յոյսով» (էջ 12):
Վերջին բաժինէն, ինչպէս նշմարեցիք, Ցեղասպանութիւն բառի փոխարէն հեղինակը գործածած է Մեծ Եղեռն եզրոյթը, քանի որ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է Ցեղասպանութիւն եզրոյթը գործածել. հետեւանքը՝ դատավարութիւն, տուգանք եւ բանտարկութիւն: Ինչպէս բազմաթիւ այլ գիրքեր, այս ալպոմ-հատորը նոյնպէս ունի ուղղագրական սխալներ, քանի որ ոչինչ կատարեալ է:
Հատորի ձախ էջը հայերէն, նոյնի թարգմանութիւնը աջ էջի վրայ է՝ թրքերէն:
Հատորի տարբեր բաժիններէն մէջբերումներ.
«Վանի անուան ծագումը գիտական ստոյգ բացատրութիւն չունի: Պատմութեան շառաւիղէն ներս Վանը ունի զանազան անուանակոչումներ՝ Վանտոսպ, Շամիրամաշէն, Շամիրամակերտ, Երուանդավան, Քաղաքն Ամարատանի, Ամուրն Աւան: Ուրարտական շրջանին, Վանը կը կոչուէր Բիայնա: Ապա հայերը զայն փոխած են Վանի, որ կը նշանակէ «ապրելու տեղ», «բնակավայր» (էջ 18):
«Կրօնափոխ քահանային շան ձագը քրիստոնէական ծէսով մկրտել կու տային եւ միւռոնը հացին վրայ քսելով շան ձագին կը կերցնէին: Բոլոր այս վարկաբեկումները կը կատարուէր կառավարութեան թոյլատուութեամբ» (էջ 28):
Էջ 77ի վրայ կայ մեր գործիչներու եւ գրողներու նկարները, իրենց անուններով:
«Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին Վան նահանգի բնակչութեան կազմը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր. հայերը 219,000 (41.3%), քիւրտեր 130,000 (39.9%), ասորիներ 90,000 (18%), թուրքեր 38.000 (7%), եզիտիներ 6600 (3%), հրեաներ եւ գնչուներ 3400 (0.5%)» (էջ 152):
«1908ին Վանի մէջ կը գործէին 10 վարժարաններ, 1700 աշակերտներով: 1914ին վարժարաններու թիւը կը բարձրանայ 30ի, իսկ աշակերտութեան թիւը՝ 5104ի» (էջ 160):
Վանի ճաշատեսակներէն. «Մուրթուղայ, կաւութ, աղանձ, կտղամճուտ, ջլբուր, փոխինդ, աղի բլիթ, բաղարջ, գմխլա, գավիկ, հատխաշ, վռիկ, փֆիկ, պաղ միս, շկլեկ, չխրթմա, Վանայ քաշովի, ոսպախաշու, փլոլ, հարիսա, կորկոտ, մշոշ, խաշիլ, ճաշեդան, ճմբուռ, ճվջուր, ճուճուկ եւ այլն» (էջ174-176):
«Կիներու գործը երբեք չէր վերջանար: Գիշերուան ընթրիքը նոյնպէս նախ տղամարդիկ, ապա կիները կ՛ընթրէին: Ընթրիքէն յետոյ, շատ քիչ ժամանակ կիները եւ տղամարդիկ առանձին կը զրուցէին եւ յետոյ կը քնանային: Այսպէս կ՛ընթանար սովորական կեանքը վանեցիին: Վանեցիները առ ի յարգանք մեծերուն մօտ կը ծնրադրէին, ոչ թէ կը նստէին: Մեծերու քով բարձրաձայն խօսիլը յարգանքի պակաս էր» (էջ 232):
Էջ 246-էն 259 կը տեսնենք գունաւոր գեղեցիկ համադրումներով, վանեցիներու զգեստներու նկարներ:
Էջ 282էն 307 կը տեսնենք գունաւոր, սեւ-սպիտակ բազմաթիւ, աւերակ դարձած, հայկական վանքերու նկարներ:
Վանի վարչական բաժանումները. «1- Վան-Տոսպ, 2- Հայոց Ձոր, 3- Արճակ, 4- Թիմար, 5- Բերկրի-Աբաղա, 6- Արճեշ, 7- Արծկէ, 8- Մահմուտի-Սարայ, 9- Խոշար, 10- Գաւաշ-Ոստանիք, 11- Կար-ճկան եւ Կեցան, 12- Վերին Կարկար, 13- Մոկս-Մոկաց գաւառ, 14- Շատախ, 15- Նորդուզ, 16- Աղբակ» (էջ 318-324):
Օգտագործուած աղբիւրները 67 են, հայերէնով եւ թրքերէնով:
Հատորի մէջ կան բազմաթիւ ուսանելի՝ թիւեր, փաստեր, նոր տուեալներ, որոնք պէտք է հետաքրքրեն շատերուն (ուսանող, պատմաբան, ուսումնասիրող), եթէ ցանկութիւն ունենան կարդալու: Կը յուսանք հատորը ընդունելութիւն կը գտնէ թուրք ընթերցողներու, մանաւանդ պատմութեամբ զբաղող մասնագէտներու մօտ:
Հատորը ամբողջական չէ. եւ՝ չի կրնար ըլլալ:
Էջ 527ի վրայ կը կարդանք վերջաբանը.
«Մարդկութեան հանդէպ գործադրուած յանցագործութիւնները որքան կ՛անտեսուին ու անպատիժ կը մնան, աշխարհի բեմին վրայ ցեղասպանութիւնները մի՛շտ պիտի կրկնուին»:
Պրն. Յ. Թօքաթ շահ չ’ակնկալեր (չէ ակնկալած) նշեալ բացառիկ հատորէն, քանի որ ան վաղուց հիմնած է «Վան – Յովսէփ եւ Ռիթա Թօքաթ բարեգործական հիմնադրամ»ը, որու միջոցաւ արդէն հարիւրաւոր հայ մանկավարժներ Հայաստանի տարածքին ստացած են նիւթական աջակցութիւն: Այսինքն այս հատորէն եկած բոլոր եկամուտը պիտի ծառայէ իր բարի նպատակին:
Զգաստութեան եւ արթնացման կո՛չ է այս իւրայատուկ հատորը:
Գնեցէ՛ք, քաջալերեցէ՛ք, տարածեցէ՛ք այս հիանալի հատորը:
Յարգարժան ընկեր, վարձքդ կատար, գրիչդ դալար, բարիքդ անսպառ:
Կրկնապէս կը շնորհաւորեմ: