ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Մահ Չիմացեալ Մահ. Մահ Իմացեալ Անմահութիւն»: Այս էր խորագիրը Անդրանիկ Արշակեանի Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք գրի առած յուշագրութիւններու հատորին: Արշակեան մի առ մի այցելած էր պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու տուները: Հարազատներէն եւ ամենամտերիմներէն լսած էր անոնց մահուան դրուագները: «Աշխատանքի լծուած օրերուս մազերուս մէջ համարեա սպիտակ թել չկար, իսկ աւարտին մազերս բոլորովին ճերմկած էին», պատմած էր մեր զրոյցներէն մէկու ընթացքին:
Այս անգամ մեր սեղանին դրուած է 44օրեայ պատերազմի մասին վկայութիւններ բերող նոր հրատարակութիւն մը՝ «Վիրաւոր Արծիւը»: Գիրքի հեղինակը՝ Տեմիր Սէօնմէզ հայ արմատներ ալ ունեցող թուրքիացի քիւրտ մըն է, որ իբրեւ անկախ լուսանկարիչ-լրագրող կ՛ապրի ու կ՛աշխատի Զուիցերիա, ուր ստացած է նաեւ այդ երկրի քաղաքացիութիւնը: Լսելով 27 Սեպտեմբեր 2020ի առաւօտեայ ժամերուն Արցախի տարածքին ուղղեալ լայնածաւալ յարձակումները, Տեմիր Սէօնմէզ կ՛որոշէ երթալ Արցախ ու պատահածներէն իրազեկ դարձնել համաշխարհային հասարակութիւնը:
Համավարակի պարտադրած սահմանափակումներու պայմաններուն տակ հազիւ 22 Հոկտեմբերին է, որ կը յաջողի ճամբորդել դէպի Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանի մէջ զինք կը դիմաւորէ մեր սիրելի բարեկամ Ռաֆֆի Հերմոն: Իսկոյն կը դիմեն Արցախի Հանրապետութեան Երեւանի ներկայացուցչութիւն, վիզա ստանալու համար: Ապա Սէօնմէզ կ՛ուղուի դէպի Ստեփանակերտ:
«Վիրաւոր Արծիւ»ը հայերէն եւ անգլերէն, երկլեզու գիրք մըն է (լոյս տեսած է նաեւ անոր ֆրանսերէն եւ անգլերէն տարբերակը, Խմբ.), ուր տեղ գտած են բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք կը նկարագրեն 44օրեայ պատերազմի ցնցիչ ապրումները, յատկապէս՝ խաղաղ բնակիչներու ապրումներէն դր-ուագներ:
Հատորին սկիզբը տեղադրուած է Արցախի պատմութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւն: Երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ Տեմիր Սէօնմէզի վկայութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները: Անոր առաջին տպաւորութիւնը պատերազմի ծաւալին կը վերաբերի: Հայերը ոչ միայն ազերիներու, այլ նաեւ ՆԱԹՕի երկրորդ հզօր բանակին՝ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն եւ անոնց Սուրիայէն բերած «ճիհատական» ահաբեկիչներուն դէմ պաշտպանեցին իրենց երկիրը: Հեղինակը կը փոխանցէ նաեւ ժողովուրդին ապրած մեծ հիասթափութիւնը, քանի որ գերպետութիւններ դիտումնաւոր կերպով անտեսած են գործադրուած ռազմական յանցագործութիւնները: Աւելին, համաշխարհային հասարակութիւնը տարուած էր Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութենէն, ըստ որուն պատերազմը ծագած էր Հայաստանի յարձակումով: Թրքական լրատու գործակալութիւնները պատերազմի տեւողութեամբ շարունակեցին այս սուտը, մինչեւ որ Ալիեւ ինք անձամբ դրժեց իր իսկ ներկայացուցած պնդումը:
Խիստ հետաքրքրական ակնարկներով լեցուն այս հատորի էջերէն իրազեկ կը դառնանք այնպիսի տեղեկութիւններու, որոնք ցարդ չեն լսուած այլ աղբիւրներէ: Օրինակի համար, օտար լրագրողներու իջեւանած «Արմենիա» հիւրանոցին անձնակազմը պատերազմէն ետք հեռացած է Ստեփանակերտէն: Անոնց բաց թողած ծառայութիւնը եւ սպասարկութիւնը կատարելու համար կամաւոր եղած են անհատները, որոնց յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Տեմիր Սէօնմէզ, գնահատելով իրենց անձնուէր ու ազգասէր աշխատանքը:
Պատերազմը նաեւ փորձի դաշտ է մարդու տեսակը որակաւորելու համար: Հոն է, որ կը տեսնենք խաղաղութեան պայմաններու մէջ յոխորտացողներուն, ճակատի խրամատներուն մէջ սմքելուն: Կարելի է հանդիպիլ ընկերային միջավայրի մէջ առիւծի նման մռնչողին, որ ճակատի վրայ մուկի նման ճչոց կ՛արձակէ, կամ ալ ճիշդ հակապատկերը, սովորական կեանքի մէջ նման յաւակնութիւններ չունեցող մը, օրհասական պահուն մեծ հերոսութիւններ կրնայ ցուցաբերել:
10 Նոյեմբերի զինադադարէն ետք, լրագրողը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը այս անգամ Հայաստանի մէջ: Թէժ կռիւները հանգած են, բայց ցաւն ու կսկիծը կը շարունակէ հայոց երկրին մէջ: Օրեր շարունակ անյայտ կորսուած զինուորներու աճիւններ կը յայտնաբերուին եւ կ՛ուղարկուին Հայաստան: Այս անգամ թաղման արարողութիւնները, սգահանդէսները կամ հոգեճաշերը պատմական վկայութիւններու կը վերածուին Տեմիր Սէօնմէզի ոսպնեակով:
Ժընեւի Լուսանկարիչներու միութեան կողմէ հրատարակուած «Վիրաւոր Արծիւը» Արցախի 44օրեայ պատերազմի մասին շատ կարեւոր վկայութիւններ բերող գործ մը ըլլալով, իր արժանի տեղը գտած է հայ գրական գանձարանին մէջ: Մեզի կը մնայ շնորհաւորել լրագրող Տեմիր Սէօնմէզը, համաշխարհային հասարակութեան կոյր, խուլ ու համր նկարագրին իջեցուցած այս հուժկու հարուածին համար: