Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, համակարգ գիծերու ճշդման աշխատանքներու ծիրին մէջ, 26 Ապրիլի դրութեամբ՝ տեղադրուեցան 28 սահմանային սիւներ, որոնք, ըստ Հայաստանի կառավարութեան, կը կազմեն նախատեսուած աշխատանքներուն շուրջ 35 տոկոսը:
«Երկու երկրների փորձագիտական խմբերի աշխատանքները շարունակւում են», յայտնեց հայկական կողմը:
Կառավարութիւնը 25 Ապրիլին յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին տեղադրուեցան 20 սահմանային սիւներ:
«Ազատութեան» թղթակիցը Տաւուշի մարզէն փոխանցեց, որ, մասնաւորապէս, Կիրանցի կամուրջին մօտակայքը, սահմանազատման աշխատանքներ չեն երեւիր:
Աւելի կանուխ խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ Արմէն Խաչատրեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Տաւուշի եւ Ղազախի հատուածին մէջ սահմանազատման գործընթացը թեքնիք առումով աւարտած է։