Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ «Անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը հաւասար է շարունակուող ցեղասպանութեան» լօզունգով, Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակին նուիրուած քայլերթը Օթթաուայի մէջ, մասնակցութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ թեմի հոգեւոր հայրերուն, Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի եւ թեմի հոգեւոր հայրերուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լավալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած հայորդիներու:
Գանատայի խորհրդարանին դիմացէն ծայր առաւ քայլարշաւը, որուն ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ), ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան եւ Պատանեկան միութեան անդամները եւ ցուցարար ժողովուրդը իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ վարած հերքումի եւ ուրացման քաղաքականութեան դէմ, այլեւ ցեղասպանին անպատիժ մնալը խթան հանդիսանալուն՝ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ Արցախի մէջ կատարուած երկրորդ ցեղասպանութեան դէմ:
Ինչպէս ամէն տարի, քայլարշաւի աւարտին թրքական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ ոգեկոչման եւ պահանջատիրութեան ցոյց, կազմակերպուած Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, գործակցութեամբ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, եւ ուր, միւս կողմը, 4-5 թուրքեր եւ ատրպէյճանցիներ հակահայ պաստառներ բարձրացուցած էին, թրքական դրօշակներով եւ թրքերէն երգերով:
Նշենք, որ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան անդամները քայլարշաւի նախօրէին այցելեցին Օթթաուայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր իրենց ընդվզումը յայտնեցին «Զարթիր, լա» երգելով եւ «Առաւուշտը յանուն հայրենիքի» պաստառներու ցուցադրութեամբ:
(Քաղուած՝ «Հորիզոն»ի մէջ լոյս տեսած Սոնա Թիթիզեան Կետիկեանի թղթակցութենէն)