ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Երկա՜ր-երկա՜ր մտորումներէ, երկխօսութիւններէ, քննարկումներէ, ընթերցումներէ, գրութիւններէ եւ տակաւ լո՜ւռ-լո՜ւռ տառապելէ ետք՝ նոյն յանկերգն է մտովի (ինչպէս շատերը) զիս ճնշողը՝ «Ո՞վ է յաջորդը», «Ո՞վ է յաջորդ նուիրեալը», «Ո՞վ է յաջորդ փարոսը», «Ո՞վ է յաջորդ հայ մշակը», վերջապէս «Ո՞վ է յաջորդ փրկիչը» եւ այսպէս..:
Հայրենիքէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն հայոց լեզուի եւ գրականութեան ջահակիրներ, տարիներու ընթացքին, տարածուեցան հայկական զանազան գաղութներէ ներս, որպէս նուիրուած հայերէնաւանդ ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ, որոնք անհատնում շունչով ու հաւատքով, անխոնջ նուիրումով եւ ազգային ոգիով օժտուած փոխանցեցին իրենց կարելին եւ մինչեւ իսկ անկարելին, մշակելով օտար ափերու մէջ հասակ նետող հայ նոր սերունդներու մատղած հոգիներն ու ազգային ոգին։ Սակայն, ժամանակի թաւալումով, անոնցմէ շատեր յոգնածութեամբ, ակամայ հեռացան իրենց առաքելութենէն եւ կամ երբեմն իրենց իսկ շնորհուած կեանքէն… եւ ոմանք մինչ օրս, տակաւին հիւծելով, անհատնում կարծուած իրենց ուժի ու կամքի վերջին կաթիլները կը փոխանցեն, մինչդեռ ուրիշներ այդ ճամբուն վրայ իրենց քայլերը կ՛առաջնորդեն՝ կրկին ակամայ..:
Պէտք է մտածել, թէ օտար ափերու մէջ, հայրենաւանդի այս առեղծուածը, անհատական եւ կամ խմբային մտահոգութենէ եւ կամ համասփիւռքեան ազգային մտահոգութենէ անդին՝ համաժողովրդային մեծ ցաւ է, որ անմիջական լուծման ուղիին մէջ տեղաւորուելու եւ վերջնական արդար լուծման մը յանգելու անմիջական պարտաւորութեան կը կարօտի:
Արդարօրէն ականատես ենք, թէ հետզհետէ հայ սերունդները կը բազմանան եւ հայկական վարժարաններ յաճախելու «պայմանական» կարիքներն ու պարտադրանքը կ՛աւելնայ, ու անոնք կ՛արշաւեն առանց կանգ առնելու, սակայն համաշխարհայնացման վտանգն ու աւերը համատարած կը սուրան․ առանց իսկ դադար առնելու եւ սերնդափոխութեան մտահոգութիւնները, շրջող ու տարածուող գանգատներու հետ զուգահեռ, մեղապարտներ փնտռելու տարբեր կարծիքներ կ՛որոնեն, որոնք ի դէպ կ՛ուղղուին եւ առաւել խոցելի դառնալով կը հանգին՝ նուիրեալներու շարքերուն:
Ի դէպ, պէտք է շեշտել եւ ընդունիլ, որ համատարած ո՛չ մէկ վտանգ կարելի է բեռցնել միակողմանի եւ կամ լոկ որոշ խմբակներու եւ կամ անհատներու խղճին վրայ:
Ազգային որեւէ հարց կը մնայ ու պէ՛տք է դառնայ՝ համազգային մտահոգութիւն եւ անոր լուծումը համայն ազգի պատասխանատուութեան անբաժան մէկ մասնիկը պէտք է համարուի, որպէսզի ըստ հարկին, ի գործ դրուին ազգին մտային եւ մասնագիտական, հաւաքական եւ գործնական բոլոր կարողութիւնները, քաջ գիտակցելով, որ Սփիւռքի տարածքին ազգային կոչման դրոշմը կրող կրթական որեւէ խորհուրդ, խնամակալ մարմին, տնօրէնութիւն, թէ համազօր պատկան մարմիններ, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան աւանդին կոչուած անհատներու հետ կը մտածեն, կը ձեռնարկեն ու կը գործեն միասնական հաւատքով, ջանքերով, նորանոր ծրագիրներով եւ հանդէսներով, սակայն «հանրութեան համար» արդիւնքը կը մնայ՝ «ոչ գոհացուցիչ»:
Այսպէս, զանազան հաւաքներու ընթացքին, երբ նիւթը նոր սերունդի հայապահպանման հարցին հետ կապուած ըլլայ, յաճախ կը լսենք, թէ ինչպէս արտայայտուած մտահոգութիւններն ու նոր սերունդին «կորուստ»ի վերլուծումները կ՛ընդհանրանան եւ յուսախաբութեան ալիք յառաջացնելով կը խեղդեն ներկաները, որոնք, իրենց կարգին, «խստօրէն» կը դատապարտեն նուիրեալներու այն փաղանգը, որ լծան բեռը որպէս դրօշ շալակած՝ հայ դպրոցի «խոնարհ»ներն են, ինչպէս, հայ ուսուցիչը, հայ մշակը, վերջապէս հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած ուխտեալը… եւ այսպէս, վախ եւ բողոք ներկայացնողները, բեռը թեթեւցնելով իրենց եւ իրենց նմաններուն վրայ, շունչ մը քաշելով կը սպասեն այդ միակ դիտանկիւնէն գալիք՝ ան-կարելիին մասին, մտածելով, թէ այդ անմեղ «յանցապարտներ»ը, հաւանաբար կը զլանան իրենց ստանձնած պարտականութեանց մէջ։ , Ե՞րբ կարելի պիտի դառնայ զայն իրականացնելն ու ազգին այս վախն ու ցաւը վերացնելը, որպէսզի վերջապէս «այլոց» մտահոգութիւնները փարատի եւ իրենք իրենց «շնորհած» անպատասխանատու տարազին մէջ հանգիստ ապրին ու շնչեն իրենց իւրայատուկ՝ ազգային հպարտութեամբ:
Ո՛չ, եւ քանիցս ո՛չ… անկեղծ եւ անկաշկանդ տրամաբանութեամբ, բանիւ եւ գործով, թոյլ տուէք որ արդարօրէն արտայայտեմ մտքերս, թէ յիշեալ պարտականութիւնը ազգային սրբազան առաքելութիւն մըն է, որուն լծան իւրաքանչիւր մասնիկը ի մի կու գայ, երբ ազգովին կը հաւատանք, կը ճանչնանք եւ կ՛ընդունինք, ազգային մեր պարտաւորութեան լրջութիւնն ու այժմէականութիւնը եւ թէ բոլորս մեր հաւաքական դերը ունինք կատարելիք այդ առնչութեամբ, մտածելով որ ազգին զաւակները կը պատկանին իւրաքանչիւրիս խղճին եւ նուիրումին… :
Պէ՛տք է մշակել ծրագիրներ զանազան հարթակներով: ընտանեկան, ընկերային, կրթական, մշակութային, միութենական եւ կազմակերպչական համատարած ըմբռնումներով եւ տեսլականներով, ապա մասնիկ առ մասնիկ մեր ծառայութիւններն ու նուիրումը որպէս «ազգային» համայնապատկեր՝ ընդունիլ, ծրագրել եւ միատեղելով մեր ջանքերը գործել․ ահա այն ատեն միայն, միասնական մեր ջանքերով կ՛ամբողջանայ «անլուծելի» թուացող մտահոգութիւններու երկար շարանը:
Վերջապէս, համազգային բացթողումները համազգային ձախողութիւններու եւ կորուստներու կը հանգեցնեն, նոյնիսկ մեծ ազգերն ու ժողովուրդները:
Առ այդ, միասնական հաւատքով եւ ջանքերով յառաջանանք՝ ոչ միայն մեր ազգային եւ հայրենական մեծ ու փոքր կարիքները հոգալու եւ կամ ծրագիրները իրականացնելու, այլ յատկապէս մեր գուրգուրանքի առարկայ դարձնենք մեր նոր սերունդներու հոգատարութիւնը, ապահովելու համար վաղուան հայն ու հայրենիքը: