ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ
Սպիտակ տունը, իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ քննարկեց գերիները ազատ արձակելու եւ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու գծով ընթացող ջանքերը»:
Պայտըն եւ Նեթանիահու նաեւ քննարկեցին մարդասիրական օժանդակութիւններու Կազա հասանելիութիւնը, ներառեալ «այս շաբաթ Կազայի հիւսիսը նոր անցքերու բացումը»:
«Պայտըն Նեթանիահուին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները Ռաֆահի մէջ որեւէ գործողութեան դէմ է», սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Պլինքըն Միջին Արեւելքի մէջ իր շրջապտոյտը երկարաձգելով՝ Սէուտական Արաբիայէն ետք պիտի այցելէ Յորդանան եւ Իսրայէլ ու կեդրոնանայ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման երաշխաւորման համար թափուող ջանքերուն վրայ:
Նշենք, որ այս մէկը 7 Հոկտեմբեր էն ի վեր, ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին շրջանը կատարած 7րդ այցելութիւնն է:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն յայտարարեց, թէ յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով սէուտական-ամերիկեան երկկողմ աշխատանքը հաւանական է, որ մօտ օրէն ամբողջանայ:
«Մեր շրջանին մէջ ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը պիտի հաստատուին միայն պաղեստինեան հողերու բռնագրաւումին վերջ տալով: Միացեալ Նահանգները չի կրնար զինադադարի հաստատման մէջ դերակատարութիւն ունենալ», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Սպիտակ տունը նաեւ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Կազայի մօտ կառուցած ծփացող նաւահանգիստը քանի մը շաբաթէն պիտի սկսի գործել, սակայն անիկա Կազա սննդեղէնի մատակարարման համար լաւագոյն ուղին եղող ցամաքային ճամբուն այլընտրանք պիտի չըլլայ:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ բախումները շարունակուեցան:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց շարք մը շրջաններ, իսկ «Հըզպալլա»ն համապատասխան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծեց իսրայէլեան Շթուլա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, որ բնակուած էր իսրայէլացի զինուորներով: Նաեւ, առաւել քան 30 հրթիռներով ռմբակոծուեցան Գալիլիան եւ այլ դիրքեր: