ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«ԵՍ ԻՄ ԵՐԿՐԻՍ ՄԷՋ Կ՛ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ»
Ապրիլ 2024, Երեւան:

Դերենիկ ծնած է Ապարան: Ան այժմ կ՛աշխատի իբրեւ վարորդ եւ իր գործը կ՛ընէ ամենայն գոհունակութեամբ: Ան ուրախ եւ հաղորդական անձ մըն է, որ կը սիրէ խօսիլ եւ պատմել: Ան կ՛ուզէ խօսիլ իւրաքանչիւր անհատի հետ, որ իր ինքնաշարժը կը գործածէ շրջագայելու եւ մէկ տեղէ միւսը տեղափոխուելու համար, բայց նաեւ կ՛ուզէ պատմել իր պատմութիւնը:
«Ես այս գործը միայն զբաղմունքի համար կ՛ընեմ», ըսաւ Դերենիկ, երբ զիս կը փոխադրէր Երեւանի Սարեան փողոցէն դէպի Ալեք Մանուկեան, աւելցնելով․ «Ես Երեւանի Պետական համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքէն շրջանաւարտ եղած եմ։ Հանգստեան կոչուեցայ ու տունը մնացի, ինչ որ ինծի հոգեկան ճնշուածութիւն պատճառեց »:
Դերենիկ 66 տարեկան է, եւ զաւակները իր հոգեկան տագնապին լուծում գտնելու համար զինք քաջալերած են, որ այս գործը ընէ` գէթ կիսաժամ դրութեամբ: «Մինչեւ կէսօր կ՛աշխատիմ, ատկէ ետք կ՛երթամ տուն եւ թոռնիկներուս հետ կ՛անցընեմ», ըսաւ Դերենիկ:
Նայեցայ ժամացոյցիս: Արդէն կէսօր եղած էր: «Ես երեւի քու վերջին յաճախորդդ եմ այսօր», ըսի Դերենիկին:
«Այո՛, վերջինն ես, բայց շատ բախտաւոր կը զգամ, որ Սփիւռքէն եկած հայու մը հետ կը զրուցեմ», ըսաւ Դերենիկ:
Դերենիկի խօսակցութեան մէջ կար ջերմութիւն: Ան կը զրուցէր եւ կը պատմէր, բայց կը զգայի, որ ունէր հրճուանք մը: Իսկ հրճուանքին պատճա՞ռը: Ան կ՛ուզէր իր պատմութիւնը պատմել հայորդիի մը:
«1990ին Ատրպէյճանի դէմ պատերազմին մասնակցած եմ: Այս ձախ ոտքէս ծանր կերպով վիրաւորուեցայ: Բայց վիրաւորուելուն հետ ես ալ խփեցի իրենց», ըսաւ ան քիչ մը ժպտելով, բայց նոյնքան հպարտութեամբ:
Պատերազմէն ստացած վէրքը տակաւին իր ազդեցութիւնը ձգած է Դերենիկին վրայ: Ան մինչեւ այսօր տակաւին դեղ պէտք է առնէ, որպէսզի լաւանայ: «Այս դեղերն ալ իմ ամէնօրեայ կերակուրս են», ըսաւ Դերենիկ` միշտ ժպիտը պահելով իր դէմքին վրայ:
Որքան կը նայէի Դերենիկի դէմքին ու անոր ժպիտին, նոյնքան այդ ժպիտի ետին կը տեսնէի իր ազգային հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը, որ կերտած է իր ազգային ինքնութիւնը եւ նոյն այդ ինքնութիւնը բնորոշող հայրենի հողը: Ու տակաւին` այդ հողին կանչը: «Չորս տարի Սպանիա մնացի եւ հոն աշխատեցայ, բայց չկրցայ դիմանալ եւ վերադարձայ Հայաստան: Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ», նշեց Դերենիկ:
Հրաժեշտ տուի Դերենիկին, բայց իրեն հետ ապրեցայ այդ քանի մը վայրկեանները եւ հայրենի հողին վրայ` հայուն երկրին հարազատութիւնը: Հարազատութիւնը, որ հայը հայուն կը միացնէ:
Ծիծեռնակաբերդ:
Յուշահամալիրին տակ կեցած` կը դիտեմ վառող կրակն ու կրակին չորս կողմը տեղադրուած յարգանքի տուրքի խորհրդանիշ ծաղիկները: Հոս կայ պատմութիւնը, որ դարձեալ կ՛ապրիմ: Պատմութիւնը, որ ստեղծած է մեծ արհաւիրք: Իւրաքանչիւր հայ ունի նահատակ, ներառեալ` ընտանեկան իմ քսանհինգ պարագաներս: Եթէ իմ հարազատներս չեմ տեսած եւ չեմ ճանչցած, բայց գիտեմ իւրաքանչիւրը իրենց նկարներով: Եւ հոն` յուշահամալիրի վառող կրակին ընդմէջէն, այդ նկարները կարծէք մէկ-մէկ դուրս կու գան իբրեւ մեռած-ապրող իրականութիւններ: Բայց ինչպէ՞ս անոնք չապրին, երբ իմ էութիւնս կազմած են, անոնք իմ մէջս են եւ անդադար ինծի կը յուշեն. «Մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս, Հրա՛յր»:
Այս ապրող-չապրող յիշատակները պահ մը ընդհատեցի: Հնդիկ կին մը նոյնպէս մօտեցաւ կրակին եւ յարգանքով ու ակնածանքով գլուխը խոնարհեցուց: Ան կարծէք մտած էր իր աշխարհին մէջ, երբ իրեն հարցուցի. «Ի՞նչ կը զգաս այս յուշահամալիրին ստեղծած խորհուրդին առջեւ»:
Չեմ գիտեր, թէ պէտք եղածէն աւելի համարձա՞կ եղած էի: Բայց ուզեցի գիտնալ իր ներաշխարհի սեւեռումները` իբրեւ օտարականի: «Շատ ցաւալի է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ես Հնդկաստանի Քաշմիր շրջանէն եմ, եւ մենք ալ ապրած ենք շատ ցաւեր»:
Հնդիկ կնոջ ցաւին հետ ես վերադարձայ իմ ցաւիս: Այս այն ցաւն է, որ իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կրած-շալկած է աւելի քան հարիւր ինը տարի: Այս այն ցաւն է, որ կը շարունակուի իւրաքանչիւր հայու մէջ եւ սերունդէ սերունդ: Այս ցաւը դարձած է հայուն հաւաքական ինքնութիւնը, որ չի մնար ցաւի սահմաններուն մէջ: Այս ցաւը ճեղքեց մահուան պատերը եւ ստեղծեց հայուն նոր կեանքը: Այս այն նոր կեանքն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի այդ վառող կրակին ընդմէջէն դարձեալ տեսայ նոյն այս ցաւը, որ կ՛ապրէր մահը, բայց նոյն այդ մահուան մէջէն դուրս կը հանէր եւ կը շինէր նոր կեանքը: Այն կեանքը, որ ես եւ իւրաքանչիւր հայ ապրեցանք ու պիտի շարունակենք ապրիլ:
«Ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ»:
Դերենիկը գտած է իր ապրելու յենարանը: «Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ»:
Իսկ ե՞ս: Ես կ՛ապրիմ Պէյրութ, Կիպրոս, Քուէյթ ու տակաւին այլ տեղեր:
Դերենիկ պիտի շարունակէ ապրիլ իր երկրին` Հայաստանի մէջ: Եւ ես պիտի շարունակեմ ապրիլ իմ երկիր-երկիրներուս մէջ` Սփիւռքի այս կամ այն տարածքներուն մէջ:
Կայ միացնող օղակը Դերենիկի եւ իմ միջեւ: Այս այն օղակն է, որ կը սկսի ֆիզիքական երկրէն եւ կ՛անցնի հոգեկանին: Այս օղակը Դերենիկին երկիրն է` Հայաստանը: Հայաստանը, որ մէկ կողմէ կը շնորհէ ֆիզիքական կեցութիւն, բայց նաեւ կը լիցքաւորէ հոգեկանը: Հոգեկանը, իմա` պատմութիւնը, մշակոյթը, ինքնութիւնը, հաւատքը, Ցեղասպանութիւնը ու տակաւին` հպարտութիւնը: Այս բոլորը դուն կրնաս ապրիլ` անկախ անկէ, թէ ֆիզիքապէս ո՛ւր կը բնակիս իբրեւ հայ: Հայաստանը` իբրեւ պետականութիւն, ունի իր ֆիզիքական դրուածքը, որ կը մարմնաւորուի իր աշխարհագրական տարածքով եւ սահմաններով: Ան, ըստ պատշաճի, պէտք է յարգէ եւ ընկալէ համաշխարհային ընտանիքին կողմէ ընդունուած միջպետական արժեչափերը: Հայաստան նոյնքան եւ նոյնպէս հոգեկան երկիրն է: Հոգեկան երկիր` իւրաքանչիւր հայու համար, անկախ անկէ, թէ հայը ո՛ւր կ՛ապրի:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կրակներուն մէջէն` Ապրիլ 2024ին, ես դարձեալ տեսայ իմ հարազատներուս մեռած-ապրող կեանքերը, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք այդ նոյն կրակներուն մէջէն ճեղքեցին մահուան պատը եւ ինծի դարձեալ տուին պատուէր մը. «Հրա՛յր, մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս»:
Ես պիտի ապրիմ իմ կեանքս, ինչպէս որ իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի իր կեանքը: Եթէ ֆիզիքապէս պիտի ապրիմ-ապրինք Սփիւռքի տարածքին, բայց հոգեպէս պիտի ապրիմ-ապրինք Հայաստանի մէջ: Հայաստանը` Դերենիկին երկիրը, միացնող օղակն է հայուն ֆիզիքական ու հոգեկան կեանքերուն: Ան այդ երկիրն է, որ կ՛ընդգրկէ հայուն էութիւնը իր ամբողջական հասկացողութեան ընդմէջէն: Ան հայուն ապրած, ապրող եւ ապրելիք կեանքերուն երաշխիքն է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնէ պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ:
Դերենիկին երկիրը: Բայց նաեւ` իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն երկիրը:
Այն երկիրը, որ հայուն ֆիզիքական ու հոգեկան կեանքերը կը միացնէ: Եւ անպայմանօրէն պէտք է շարունակէ միացնել:
Եւ այս երկիրը Հայաստանն է: