Պաքուի մէջ Միջմշակութային երկխօսութեան հարցերու նուիրուած միջազգային համաժողովի բացման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան աշխոյժ կերպով կը գործէ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի հետ «բանակցութիւնները կ՛ընթանան հիման վրայ այն փաստաթուղթին, զոր պատրաստած է Ատրպէյճան»:
«Մեկնարկած է սահմանազատումը, ոչ միայն սահմանազատումը, այլ նաեւ սահմանագծումը», նշեց Ալիեւ` ընդգծելով, որ Երեւան եւ Պաքու այդ համաձայնութեան կրնան հասնիլ առանց միջնորդներու:
«Ասիկա անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ մենք միջնորդներու կարիք չունինք: Միջնորդները կ՛առաջնորդուին բացառապէս իրենց շահերով: Անոնց նպատակը ոչ թէ (կողմերուն) օգնելն է, այլ տարածաշրջանը ներթափանցելը` յանուն իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերուն: Անոնք (Հարաւային Կովկասը) դարձեալ հրկիզելու փափաք ունին: Մենք այդպիսի բան չենք արտօներ», յայտարարեց Ալիեւ, ըստ որուն, «երեսնամեայ դիմակայութենէ ետք, Ատրպէյճան եւ Հայաստան յստակօրէն կը հասկնան, որ կը փափաքին խաղաղութիւն ունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ: Իսկ այդպիսի խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղիով»։