Հայաստանի պատուիրակութիւնը` զինուած ուժերու ընդհանուր փոխհրամանատար Արթուր Երոյեանի գլխաւորութեամբ, ՆԱԹՕի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՆԱԹՕի պաշտպանական կրթութեան զարգացման հայաստանեան ծրագիրի տարեկան քննարկումներուն:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան` Երոյեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ նաեւ ՆԱԹՕի միջազգային ռազմական շտաբի ապահովական համագործակցութեան տնօրէն Տաճան Թիպերիվի Շերպանի հետ:
Անոնք քննարկեցին Հայաստան-ՆԱԹՕ ռազմական համագործակցութեան ընթացիկ ծրագիրները եւ անոնց ընդլայնման կարելիութիւնները:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախապէս յայտնած էր, որ Երեւան հետաքրքրուած է ՆԱԹՕի հետ համագործակցութեան խորացումով։