Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայօ Ֆրանսայի մէջ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, վերադարձած է Պաքու եւ կը շարունակէ դիւանագիտական իր գործունէութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Ատրպէյճանի պետական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը: Փարիզ տակաւին չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնը։
Դեսպանը տուն կանչուած էր խորհրդակցութիւններու համար` Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան լոյսին տակ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրին յայտարարած էր հետեւեալը. «Ֆրանսա որոշած է տուն կանչել Ատրպէյճանի իր դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու համար, լոյսին տակ վերջին ամիսներուն Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող միակողմանի գործողութիւններու, որոնք վնաս կը հասցնեն մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն: Հանրապետութեան նախագահը ափսոսանք յայտնեց Ատրպէյճանի գործողութիւններուն համար եւ փափաք յայտնեց, որ Պաքու յստակացնէ իր մտադրութիւնները»: