
Երկրորդ օրը ըլլալով, ոստիկանները փակ պահեցին Կիրանց տանող ճամբան՝ Իջեւանի հատուածին մէջ, արտօնելով միայն շրջանի բնակիչներուն ելեւմուտքը։ Փաստօրէն, Կիրանցի բնակիչները մեկուսացման մէջ յայտնուեցան՝ ոստիկանութիւնը հերթափոխով հսկեց գիւղին մուտքը:
Երեկոյեան ժամը 7ի շուրջ, ոստիկանները բացին Կիրանց տանող ճամբան: Գիւղի բոլոր կողմերէն ելեւմուտքը վերսկսաւ:
Մեծ թիւով ոստիկանութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ինքնաշարժները եւ ներկայացուցիչները հեռացան։
Ընդդիմադիր գործիչներ եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը 3 Մայիսին եւս փորձեցին գիւղը մտնել եւ կապ հաստատել տեղացիներուն հետ, սակայն ոստիկանութիւնը դարձեալ արգիլեց անոնց մուտքը:
«Մեր տեղաշարժը արգելել… Մենք ո՛չ ականապատ դաշտ ենք մտնում, ո՛չ որեւէ բան ենք անում, գնում ենք էն տարածքի գլխին ժողովուրդը որտեղ կան` բարեւ տանք, յետ գանք, ասենք շնորհակալութիւն էն հացի ու ջրի համար: Մենք էլ պարզ գնալու էինք 5 րոպէ, 10 րոպէ տեսնէինք ուղղակի, ուրիշ բան չկար», ըսաւ Բագրատ արք. Գալստանեան:
Ընդդիմադիր գործիչ Սուրէն Պետրոսեան չի հաւատար վարչապետ Փաշինեանի հաւաստիացումներուն, թէ յատկապէս ամէնէն խնդրայարոյց 3-4 կէտերու մէջ, որոնք ինքնին Կիրանցի մէջէն կ՛անցնին, սահմանագծում, սահմանազատում պիտի չկատարուի: Ան համոզուած է, որ վարչապետին այդ խոստումը կը հակասէ Ատրպէյճանի պահանջին:
«Մեր իշխանութիւնը էսօր փաստացի վերածուել ա Ադրբեջանի եւ հայ ժողովրդի միջեւ տեղեկատուութեան փոխանցողի, սուրհանդակի, այլ գործառոյթ չի արւում», պնդեց Պետրոսեան:

3 Մայիսին, գիւղը եկան նաեւ քննիչներ, որոնք ըսին, թէ քննչական գործողութիւններ կը կատարեն Կիրանցի մէջ: Անոնք գրաւեցին բողոքի գործողութիւններու վայրին մէջ` Կիրանցի սկզբնամասին մէջ գտնուող խանութին տեսախցիկը, ընդ որում` խանութի սեփականատէրը տարակուսեցաւ, թէ ինչո՛ւ տեսախցիկը կը տանին ամբողջութեամբ, եւ ոչ թէ կրիչը:
2 Մայիսին, ոստիկանութեան գործողութենէն ետք, երբ Կիրանցի սկզբնամասին մէջ հերթապահող 30 տղամարդեր ձերբակալուեցան, համացանցի վրայ տարածուեցան անձայն տեսերիզներ, զորս արձանագրած էր այդ խանութի տեսախցիկը: Բայց քննիչները 3 Մայիսին հաստատեցին, թէ իրենց քննչական գործողութիւնները կը վերաբերին 26 Ապրիլին տեղի ունեցած միջադէպին, երբ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ քաշքշուք սկսած էր:
Ոստիկանութիւնը 2 օրերէ ի վեր բացատրութիւն չէ տուած, թէ ի՛նչ իրաւական հիմքով սահմանափակած է մարդոց ազատ տեղաշարժի իրաւունքը Կիրանցի մէջ, սակայն պնդեց, որ գործողութիւնը օրինական է:
«Նպատակը մենք չենք կարող ասել, ուղղակի ծառայութիւն ենք իրականացնում, ունենք համապատասխան գրութիւն պաշտպանութեան նախարարութեան կողմից», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Տաւուշի ոստիկանապետ Արթուր Մկրտչեան:
Ոստիկանութիւնը պատճառաբանեց, թէ խիստ հսկողութիւն կը կատարէ՝ գիւղին մօտակայքը ընթացող ականազերծման աշխատանքներուն բերումով։ Սակայն, ականազերծման աշխատանքները, որոնք կը կատարուին Խէյրիմլիի հետ սահմանազատման ընդառաջ, գիւղէն տեսանելի չեն, եւ ականազերծողներ չեն երեւիր։
Օրուան ընթացքին, գիւղացիները հաւաքուեցան Կիրանցի սկզբնամասին մէջ, քննարկեցին սահմանազատումը, որ, ըստ բնակիչներուն, զիրենք խոցելի կը դարձնէ, աւելի՛ն` չի բացառուիր, որ խորհրդային Կիրանցէն ալ որոշ տարածքներ անցնին Ատրպէյճանին:
«Երէկուանից բլոկադան (շրջափակում) սկսուել է: Ոչ մի լուրջ տեղեկութեան չենք տիրապետում, գիտենք, որ ականազերծման գործողութիւնները գնում են», ըսին բնակիչները` աւելցնելով, որ ասիկա իրենց վրայ առաջին հերթին հոգեբանօրէն շատ վատ կ՛ազդէ: «Ոնց որ արգելանոցում լինենք: Այստեղ ի՞նչ է կատարւում», ըսին բնակիչները։
«Մարդիկ ուզում են տանեն արօտավայր, խոչընդոտ է հանդիսանում, ուզում են հարեւան գիւղ գնան, կամ ջուր ունենամ, խոչընդոտ է: Սա դեռ սկիզբն է, բայց ի՞նչ իմանանք` քանի օր կը ձգուի, հետագայում արդէն տնտեսապէս թէ ոնց կ՛ազդի, կ՛երեւայ յետոյ», ըսաւ այլ բնակիչ մը: