

ՄԱՐԻԷԹ Մ. ՕՀԱՆԷՍ
Կիրակի, Ապրիլ 28ին, Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբը կազմակերպած էր առցանց («Զում»ի միջոցաւ) հանդիպում մը՝ պատմաբան, հետազօտող եւ հեղինակ Յովսէփ Հայրենիի հետ, Պելճիքայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն փրոֆ. Հրանոյշ Խառատեանի հետ: Հանդիպումը հանդիսավարեց միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Օհանէս, որ կարճ նախաբանով մը խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ շեշտեց հայ ժողովուրդի վերապրումի եւ մայր հայրենիքը վերակերտելու մեր աննկուն կամքը: Ապա ան ընթերցեց Հայրենիին հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն ելոյթի: Հայրենի նախ անդրադարձաւ 20րդ դարու սկիզբը Տերսիմի սահմաններու հետ համընկնող՝ Վերին Եփրատի աւազանի տարածքին վրայ բնակող մեծաթիւ հայութեան դէմ Ապտուլ Համիտի իրականացուցած կոտորածներուն, ինչպէս նաեւ 1915ին երիտթուրքերու իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան, շեշտելով, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները չէին կանխատեսած Ցեղասպանութիւնը եւ նշելով, որ այդ իրողութիւնը պատճառ դարձած էր, որ ինքնապաշտպանութիւններ չկազմակերպուին: Ապա ան անդրադարձաւ Տերսիմի աշխարհագրութեան, Ցեղասպանութենէն ետք հոն մնացած փոքրաթիւ հայերու փրկուելուն եւ Տերսիմի բնակչութեան ունեցած դերին: Իր հեղինակած գիրքին մէջ օգտագործուած աղբիւրներուն մեծ մասը կը կազմեն անձամբ հեղինակին կողմէ հաւաքուած` ականատեսներու հայերէն յուշերը, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուի թրքերէնով:
Հանդիպման երկրորդ բանախօս Խառատեանի հակիրճ կենսագրականը եւս հանդիսավարուհիին կողմէ ընթերցուեցաւ, որմէ ետք Խառատեան խօսք առաւ, ըսելով, թէ ալեւիները, որոնց Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ՛անուանէին գըզըլպաշներ, մինչեւ իսկ վիրաւորական անուններ, ստորադաս էին քրիստոնեաներէն, քանի որ «միլլեթ»ի կարգավիճակով չէին «պաշտպանուած» եւ չէին վայելէր ոչ-իսլամի կարգավիճակը: Միայն 19րդ դարու վերջերուն է, որ օսմանեան իշխանութիւնները սկսած էին ալեւիներուն հաշուի առնել որպէս «մուսուլմաններ։ Խառատեանի կարծիքով, մինչեւ 19րդ դարու վերջերը Տերսիմի ալեւիներու մօտ հաւաքական ինքնութիւն գոյութիւն ունեցած է, որ սերտօրէն կապուած է Իրանի: Այլ ճանապարհ ընտրած է Տերսիմցի հայերու միութիւնը՝ խրախուսելով կրօնափոխութիւնը դէպի Հայ առաքելական քրիստոնէութիւն եւ յորդորելով մկրտութիւնը, որ իր մէջ ներառէ անուանափոխութիւնը (հայկական նոր անուան ձեռք բերումը):
Ապա խօսք առաւ Պոլսահայ միութեան Գործադիր յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երկու բանախօսներուն, իրենց տպաւորիչ լուսաբանութիւններուն համար, շեշտելով, թէ իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները մեզի մօտէն ծանօթացուցին մեր հողերուն, մեր մշակոյթին եւ մեր ժողովուրդին։