Նախագահ Ճորճ Պուշ Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբերին վեթօ դրաւ խորհրդարանի երկու տուներուն քուէն վայելող օրինագիծի մը դէմ, որ կը խոստանայ պետական նպաստ տրամադրել առողջապահական ապահովագրութենէ զուրկ միլիոնաւոր մանուկներու։ Մարդիկ անմիջապէս հարց տուին, թէ ի՞նչ սիրտ պէտք է ունենայ նախագահ մը, որ նման բարի ծրագիրի մը դէմ գործածէ վեթոյի իր իրաւունքը եւ ծայր տուին մեկնաբանական ու քննադատական արշաւներ, առաւելաբար… զանգուածային մամուլի դաշտէն դուրս։
Նախագահին վեթոն յարդարեց Սպիտակ տան եւ խորհրդարանին միջեւ պատերազմի դաշտ մը, որուն վրայ վերջին ճակատամարտը նախատեսուած է 18 Հոկտեմբերին։ Խորհրդարանը կը փորձէ օրինագիծին կողքին ապահովել զոյգ տուներու անդամներուն աւելի քան երկու երրորդին քուէն, որպէսզի ջախջախէ նախագահին վեթոն, իսկ նախագահին մօտիկ մարդիկ համոզուած են, որ նման բան տեղի պիտի չունենայ, օրինագիծը պիտի «չանցնի». այդ նպատակով ալ, Սպիտակ տան շրջանակները արդէն իսկ սակարկութեան սկսած են օրինագիծը յառաջ քշող դեմոկրատներուն ու անոնց ձայնակցող հանրապետականներու հետ, որպէսզի աւելի «ընդունելի» գումարներու շուրջ համախոհութիւն մը գոյանայ։