
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Մայիս 8ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Փրկենք Տաւուշը» խորագրուած քայլարշաւը, զօրակցութիւն յայտնելու համար Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ, նոյն նպատակով տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն մասնակցողներուն։
Քայլարշաւը պիտի սկսի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն (500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204) ու պիտի երկարի մինչեւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանը (346 N. Central Ave., Glendale, CA 91203):
ՀԵԴի քայլարշաւին կը զօրակցին Հայց․ Առաքելական եկեղեցիի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴն, ՀՅԴի «Շանթ» Ուսանողական միութիւնը, ՀԵԴի Պատանեկան միութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄը, Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՕՄը եւ Համազգայինը, ինչպէս նաեւ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը ու «Հայքը մեր հերոսներուն համար» եւ Միացեալ Հայ Երիտասարդներ կազմակերպութիւնները։
ՀԵԴն կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան, որ միանայ համայնքի երիտասարդութեան, ցոյց տալու համար, թէ Սփիւռքը Տաւուշի կողքին է եւ կը զօրակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու անոր սահմաններուն պաշտպանութեան: