Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց ասորիներու 1915ի ջարդերը՝ «Սայֆօ»ն, ցեղասպանութիւն ճանաչելու մասին բանաձեւը։
Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակով, ասորիներու համակարգուած զանգուածային կոտորածները տեղի ունեցած են Համաշխարհային Ա․ պատերազմի օրերուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Նման զանգուածային կոտորածներ տեղի ունեցած են նաեւ 1938ին Տերսիմի ալեւիներուն դէմ, որուն զոհ գացին նաեւ մեծ թիւով հայեր։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումին, պնդելով, որ Ֆրանսայի օրէնսդիրը պատմական իրադարձութիւնները մեկնաբանելու լիազօրութիւն չունի։