
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը նամակ յղեց Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի մօտ Իսրայէլի ներկայացուցիչին, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու գծով Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամներուն, Եւրոպական Միութեան եւ Պելճիքայի հիմնական հրէական կազմակերպութիւններուն` անդրադառնալով Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին սպառնացող տագնապալի վիճակին: Նամակի հասցէատէրերուն կոչ կ՛ուղղուի՝ օգտագործելու իրենց լծակները` ճնշում գործադրելու Իսրայէլի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի վերջիններս համապատասխան քայլերու ձեռնարկեն եւ դադրեցնեն Երուսաղէմի մէջ խիստ մտահոգիչ եւ կործանարար զարգացումները:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Երուսաղէմի մէջ հայկական ներկայութիւնը առկայ է 4րդ դարէն ի վեր եւ ունի պատմական մեծ նշանակութիւն: Սակայն, անիկա ներկայիս վտանգուած է թաղամասին մէկ մասը իւրացնել փորձող ծայրայեղականներու, վերաբնակիչներու եւ գործարարներու յարձակողական գործողութիւններուն պատճառով: Վերջին միջադէպը աւստրալաիսրայէլացի գործարար Տենի Ռուպենշթէյնի հետ կապ ունեցող անձերուն կողմէ հայ համայնքին վրայ կատարուած յարձակումն էր, որուն պատճառով վիրաւորուեցան եւ ձերբակալուեցան հայ բնակիչներ: Հակառակ բողոքներուն եւ պաշտպանութեան կոչերուն` Իսրայէլի իշխանութիւնները վճռական քայլերու չեն ձեռնարկած Հայկական թաղամասը այս յարձակողական ներխուժումներէն պաշտպանելու համար:
«Այս զարգացումներու ծիրին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ Իսրայէլի իշխանութիւններուն` պաշտպանելու Երուսաղէմի իրավիճակը եւ ձեռնպահ մնալու Երուսաղէմի ժողովրդագրական կազմը, հաստատութիւններու կառուցուածքը եւ ֆիզիքական, մշակութային եւ պատմական բնոյթը փոխելէ: Զուգահեռներ կատարելով երկու ազգերու` հայերու ու հրեաներու պատմութեան ընթացքին կրած տառապանքներուն միջեւ, ստիպուած ըլլալով պայքարիլ ցեղային ատելութեան դէմ` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները պարտաւոր են կանխել եւ խուսափիլ Երուսաղէմի մէջ նման դէպքերէ:
«Իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ անոր յանձնախումբերը՝ Եւրոպայի 14 երկիրներուն մէջ, կոչ կ՛ուղղենք Եւրոպական Միութեան շահագրգիռ կողմերուն՝ օգտագործելու իրենց ազդեցութիւնը Երուսաղէմի մէջ Հայկական թաղամասի պահպանման գործին մէջ: Անհրաժեշտ է պահպանել Երուսաղէմի պատմական թաղամասերը եւ Իսրայէլը պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ` կանխելու Հայկական թաղամասին մէջ հետագայ կործանիչ գործողութիւններն ու ահաբեկումները:
«ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ Երուսաղէմի հայ համայնքին իրաւունքներու եւ ժառանգութեան պաշտպանութեան իր գործունէութիւնը», կը նշուի նամակին մէջ։