
Կը տեղեկանանք, թէ «Ասպարէզ»ի երկար տարիներու բարեկամ Յակոբ Պետիկեան, որ 2016ին կաթուած մը յաղթահարած էր, 2023-2024 տարեշրջանին սկսած է դարձեալ դասաւանդել Հարաւային Քալիֆորնիոյ (USC) համալսարանին Ճարտարագիտութեան բաժանմունքին մէջ։
Կաթուածը յաղթահարելու ընթացքին, Պետիկեան նաեւ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը ստանձնած էր Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին մէջ, ուր ապաքինման շրջան կ՛անցնէր։
Աւելի ուշ, ան «Ազուզա Փըսիֆիք» եւ «Ֆուլըր» համալսարաններուն մէջ հետեւած է աստուածաբանութեան դասընթացքներու եւ այդ միջոցին է, որ անոր նախկին դասախօսներէն մէկը իրեն դիմած է, որպէսզի կենսոլորտային ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ դասանիւթ մը դասաւանդէ եւ Պետիկեան ընդունած է այդ մարտահրաւէրը։
Պետիկեան ուսողութեան եւ բնագիտութեան մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, իբրեւ երկրորդական մասնագիտութիւն ընտրելով հայագիտութիւնը։ Ան աշխատած է Hughes Aircraft F-15 Radar Group ընկերութեան մէջ եւ այդ տարիներուն նաեւ ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը։
Յակոբ Պետիկեան իր յաջողութիւնները կը նուիրէ իր հիւանդապահուհի մօր՝ Անայիս Պետիկեանի (1932-1988) յիշատակին։