Երկուշաբթի, 6 Մայիս կէսօրին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետուհի Վանիա Պապիկեանի, որոնք աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած էին առաջնորդարան՝ նորընտիր առաջնորդին խնդրամատոյց ըլլալու, որ ներկայ ըլլայ իր իսկ հովանաւորութիւնը վայելող Համբարձման տօնի սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Թորգոմ արք. Տօնոյեան:
Հանդիպման ընթացքին, տիկինները նաեւ բացատրութիւններ տուին ձեռնարկի բնոյթին, կազմակերպման աշխատանքներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ շուտով մարմինը պաշտօնական այցելութեամբ աւելի համապարփակ կը ներկայացնէ իր գործունէութեան դաշտերն ու ծրագիրները: