Գրեթէ 8 ամիս արտաքին աշխարհէն ամբողջովին մեկուսացուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հաստատեց, որ չի զղջար ընտրած ճամբուն համար։
«Սփիւթնիք Արմենիա» թերթը կը գրէ, թէ Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտը, ամուսնոյն կողմէ Պաքուի բանտէն յղուած նամակը ընթերցեց «Օրորա 2024» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ:
«Հիմա աւելի քան երբեւէ համոզուած եմ, որ արժէքներն ու սկզբունքներն աւելի կարեւոր են, քան նոյնիսկ կեանքը», կ՛ըսէ Վարդանեան՝ ներկայացնելով պատմութիւնը, թէ ինչպէս ծնունդ առաւ «Օրորան»՝ «Գիտակցումից, որ պէտք է երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր նրանց, ովքեր օգնել են մեր պապերին ու տատերին, փրկել են կեանքեր»:
Ըստ Վարդանեանի` իրենք կ՛ուզէին փոխել հայկական մօտեցումը եւ զոհի կերպարը, անցեալի յիշողութենէն դէպի ապագայի յոյսերուն նայելով:
«Մենք երազում էինք, որ Երեւանը դառնայ աշխարհի մարդասիրական մայրաքաղաքը, եւ որ մենք միաւորուէինք`Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հայկական Սփիւռքի հետ, դառնալով միասնական ազգ», կը նշէ ան։
Ըստ Վարդանեանի՝ «Օրորա»ին շնորհիւ, հանդիպած է մարդոց, որոնք սորվեցուցած են կարեւորագոյն դասը` հաւատարիմ մնալ մարդկային արժէքներուն եւ սեփական սկզբունքներուն` անկախ իրավիճակէն, եւ քալելու ուրոյն ճամբով:
Վարդանեան կը շեշտէ, որ Արցախ տեղափոխուելու որոշում տուաւ «Օրորա»ի հերոսներուն շնորհիւ` որոշելով ըլլալ կողքին այն մարդոց, որոնք օգնութեան կարիք ունէին:
Բարերարը կը վստահեցնէ «Օրորա»ի հերոսներուն, որ ուրիշներուն օգնելու անոնց յանձնառութիւնը իրեն ուժ կու տայ նաեւ այսօր՝ Պաքուի բանտին մէջ:
«Եւ թող սէրն ու արժէքները յաղթեն: Եւ թող մենք բոլորս տանք աւելին, քան երբեւէ կարող ենք յուսալ, որ կը ստանանք: Մեզնից իւրաքանչիւրն իրականում կարող է շատ բան փոխել», կ՛եզրափակէ Վարդանեան: