10 Մայիսին, այցելելով բռնագրաւուած Շուշի քաղաք եւ հանդիպում ունենալով քաղաքին մէջ հաստատուած ատրպէյճանցիներու առաջին խումբին հետ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ «Ղազախի հողերը վերադարձուեցան մեզի առանց կրակոցի»՝ աւելցնելով, որ «մեր պայմաններով սահմանազատումը եւ սահմանագծումը մեր հերթական յաղթանակն է»։
Ծաւալուն ելոյթին ընթացքին Ալիեւ կրկին ռազմատենչ յայտարարութիւններ եւ սպառնալիքներ հնչեցուց հայերուն հասցէին` վերյիշելով անցած երեքուկէս տարիներուն Պաքուի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքները: Հակառակ Երեւանի հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն` Ալիեւ Հայաստանի մասին խօսելու ատեն օգտագործեց «թշնամի» եզրը։ «Մենք թշնամիին իր տեղը ցոյց տուինք, եւ այսօր թշնամին ուժասպառ է մեր առջեւ: Այսօր առանց այլ միջոցներու դիմելու անհրաժեշտութեան, բացառապէս մեր պահանջով` կը վերադարձուին Ղազախի չորս գիւղերը: Կը վերադարձուին մե՛ր պահանջով: Այսուհետեւ այդպէս պիտի ըլլայ», պնդեց Ալիեւ` առանց որեւէ բառ ըսելու հայկական կողմին պահանջներուն մասին եւ կամ արդեօք Պաքու կը պատրաստուի՞ Հայաստանին վերադարձնելու բռնագրաւուած տարածքները:
Փոխարէնը, Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարեց. «Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ անոր ետին կանգնած օտարերկրեայ շրջանակները, որոնք սուտ խոստումներ կու տան, պիտի զղջան, եթէ մեզի հետ չպայմանաւորուին»:
Ալիեւ, որ միջազգային հարթակներէն շարունակաբար կը հաստատէ, թէ՝ ի տարբերութիւն Երեւանի, Պաքու կառուցողական դիրքերէ հանդէս կու գայ, կրկին սպառնաց` յայտարարելով. «Բոլորը գիտեն, թէ ինչի՛ ընդունակ է Ատրպէյճանն ու այդ երկրի բանակը: Ոչ ոք չի կրնար մեզ որեւէ բան թելադրել կամ խառնուիլ մեր ներքին գործերուն: Մենք կ՛ընենք այն, ինչ որ անհրաժեշտ է»։
Ըստ անոր` 44օրեայ պատերազմէն ետք Պաքու Հայաստանին առաջարկեց «սահմանը որոշել, եթէ չէք ուզեր, ուրեմն մենք կ՛ըսենք՝ սահմանը պիտի ըլլայ հոն, ուր մենք կը փափաքինք»։
Ալիեւ կրկին քննադատեց Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, մասնաւորաբար դիմելով Փարիզին` յայտարարեց, թէ տարածաշրջանին մէջ, առանց Պաքուի կամքին, կարելի չէ որեւէ հարց լուծել։