
10 Մայիսին Հայաստանի տարբեր համալսարաններու ուսանողները դասադուլ ընելով միացան Բագրատ սրբազանի առաջնորդած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման։ Արդարեւ, առաւօտեան, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն հետ զրուցելէ ետք, Բագրատ սրբազան ուղղուեցաւ Երեւանի շարք մը համալսարաններ, ինչպէս նաեւ արուեստի հիմնարկներ, ուր ընդհանրապէս ընդունուեցաւ ուսանողներուն կողմէ, որոնց հետ երթով փոխադրուեցաւ համալսարանէ համալսարան՝ շեշտելով, որ ուսանողն է պայքարին իւրայատկութիւնը։
Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողները սրբազանը ընդունեցին «Սարդարապատ» յաղթերգով՝ յայտնելով, որ ուսանողներէն ոմանք դասադուլ յայտարարած են ու չեն եկած, կամ եկած են միանալու համազգային բողոքի եւ խաղաղ անհնազանդութեան միջոցառումներուն: Համալսարանին Արհեստակցական միութիւնը յայտարարութիւն տարածեց՝ կոչ ուղղելով համալսարանի բոլոր դասախօսներուն եւ աշխատողներուն՝ միանալու համազգային բողոքին:
Բագրատ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ու ողջունեց ուսանողներուն նախաձեռնութիւնը:



Օրուան ընթացքին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Բագրատ սրբազան ըսաւ, որ հանրութիւնը ի՛նք կը պահանջէ վարչապետին հրաժարականը, իսկ ինքը հանրութեան զգացումները ձեւակերպողն ու արտայայտողն է։
Անդրադառնալով այն մեղադրանքներուն, թէ հանրութիւնը մոլորեցնելով բերած է հրապարակ ու քաղաքական պահանջ հնչեցուցած՝ ան ըսաւ. «Մեր քայլերը ներկայացնելու հերթականութիւնն այն չէր, ինչ եղաւ, ուղղակի ժողովուրդի ստիպմամբ եղաւ: Դուք էլ ժողովուրդի զգացումները տեսաք, ես չէի կարող ուրիշ բան ասել, ես պարզապէս հնչեցրել եմ ձեւակերպումը այն պահանջի, որ այստեղ կուտակուած էր»։
Նոյն օրը, երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծաթիւ հաւաքին Բագրատ սրբազան յայտարարեց, որ 11 Մայիսին Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ խաղաղ անհնազանդութեան, անհամաձայնութեան գործողութիւններ պիտի կատարեն։
«Ինձ կապում են մեծ երկրների հետ, ազդեցութիւնների գօտիների հետ` մոռանալով, որ հէնց իրենք են այդպիսին եղել: Դրա համար եմ խորհուրդ տուել միշտ` հայելի պահէք ձեր տներում: Հայելու մէջ նայէք, նայէք ու տեսէք ձեզ: Ինձ համար բոլոր նրանք, ովքեր մեր նպատակին ծառայելուն կոչուած են, հայկական օրակարգին ծառայելուն կոչուած են, կոչուած են, որպէսզի Եռագոյնը յաղթի սեւ ու սպիտակին: Իսկ բոլոր նրանք, ովքեր ծախու գրչակներ են, ովքեր պատուէրով իրենց ինքնութիւնը վաճառողներ են, ամէն ինչի ընդունակ են` մարդկանց վիրաւորելու, սեւացնելու, պախարակելու` անպատասխանատու ձեւով ինչ ասես ասելու, նրանք ուղղակի որպէս գոյացութիւններ` կը վերանան մեր կեանքից մի օր», ըսաւ սրբազանը։
Ան յանձնարարեց մինչեւ Կիրակի երեկոյեան մշակել եւ կազմել խաղաղ բանակցութիւններու, սահմանազատման եւ սահմանագծման յստակ հայեցակարգը:


«Որպէսզի այս մարդկանց ներկայացնենք թէ ինչ ենք ուզում: Ցոյց տանք տարբերութիւնը, որ մարդիկ իմանան ինչպէս են խաբուած ու ստուած, որ իմանան իրական պատկերը որը պէտք է լինի: Հրաժարականի պահանջն այս ժողովրդի պահանջն է եղել, այս կառավարութեան ղեկավարն այլեւս անընդունելի է: Թէ ով կը լինի մեր թեկնածուն, դա ժամանակի ընթացքում կ՛որոշուի», ընդգծեց Բագրատ սրբազանը:
Ան նշեց, որ Շաբաթ օր հաւաք պիտի չկատարուի, այլ Կիրակի երեկոյեան ժամը 6։30ին կրկին պիտի համախմբուին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ յստակ ըսելու, թէ ինչ պիտի ընեն։
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ խօսք առաւ նաեւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անմիջական մասնակից, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան:
«Մենք երէկ ցոյց տուեցինք, որ մենք տէր ենք մեր հայրենիքին, որ մեր ժողովուրդը միասնական է եւ, որ որեւէ մի կերպ հաշտ չենք ստեղծուած իրավիճակի հետ: Մեր հայրենակիցները այսօր ցոյց տուեցին, որ մենակ չեն թողնում մեր տաւուշցիներին: Մեր առջեւ փակ դռներ չկան: Բոլոր այն ուսումնական հաստատութիւնների ղեկավարները, որոնք որ մտածում են կարող են դռները փակել եւ ուսանողներին չթողնել դուրս գան, չարաչար սխալւում են: Այսօր ոչ մէկ չի վախենում ոչ ձերբակալութիւններից, ոչ մանիպուլիացիաներից (ձեռնածութիւն)», ըսաւ ան։
Դանիէլեան աւելցուց, որ օրուան ընթացքին պետական աշխատողներ մօտեցած են ու ըսած, որ իրենք այդ աշխատանքը չեն ուզեր, եթէ չունին հայրենիք։ «Մենք հայրենիքին տէր ենք, ունենք պատիւ ու հայրենիք: Ոչ մէկս իրաւունք չունենք այս պայքարը, այս խրամատը լքելու, որովհետեւ սա մեր վերջին հնարաւորութիւնն է», հաստատեց ան։
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն»ը կը գրէ, թէ Սահմանադրութեան 115րդ յօդուածին համաձայն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին խորհրդարանին մէջ անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին սկսելու համար անհրաժեշտ է առնուազն 36 պատգամաւորի ստորագրութիւն, սակայն ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները այդքան ձայն չունին:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» (29) եւ «Պատիւ ունեմ» (6) խմբակցութիւնները միասնաբար ունին 35 պատգամաւոր: Այսինքն` նախագիծը խորհրդարան ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է մէկ պատգամաւորի մըն ալ ստորագրութիւն:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Իմփիչմենթը (անվստահութիւն եւ հրաժարականի պահանջ) կեանքի կոչելու գործընթացը քննարկման փուլում է, խօսքը ե՛ւ 36 պատգամաւորի ստորագրութիւն ապահովելու, ե՛ւ նոր վարչապետի թեկնածուի մասին է»:
Սահմանադրութեան համաձայն վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծին մէջ պէտք է նաեւ նոր վարչապետի թեկնածու առաջարկուի: