– «ԿԻՆ ԱՐԱՐԱԾԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՐԱՇԱԼԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ՄԷԿ ՊԱՏԿԵՐՆ Է»․ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
– ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐ
Հինգշաբթի, Մայիս 9ի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմը հանդիսաւոր Ս. պատարագով նշեց Համբարձման տօնը, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի եւ վեղարաւոր ու քահանայ հայրերու:
Աւուր պատշաճի քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ նախ յանուն թեմի Հոգեւորականաց դասուն շնորհաւորեց սրբազան հօր առաջնորդ ընտրութիւնը եւ թեմակալ հոգեւոր ծառայութեան, ազգաշէն ու մարդասիրական գործունէութեան մէջ Գեղամ արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց հոգեւոր հայրերուն, ապա անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձելու խորհուրդին՝ իբրեւ քրիստոնէական վարդապետութեան կարեւորագոյն տօներէն մէկը:


Յետ արարողութեան, առաջնորդը իր շքերթով ուղղուեցաւ Կլենտէյլի Legacy Banquet Hall, ուր նախագահեց Համբարձման տօնին առիթով Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած յատուկ ճաշկերոյթին, հիւրընկալութեամբ առաջնորդարանի բարերար Նունէ Սեփեթճեանի:
Սիրոյ սեղանին ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, շրջանի մէջ գործող միութիւններու շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, առաջնորդարանի բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ մարմինի անդամ, հանդիսավար Սօսի Կէօքկէօզեան եւ սեղաններու օրհնութեան հրաւիրեց առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոսը, որ աղօթքով եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն բերուած «մաս»երով օրհնեց սրահը լեցուցած մօտաւորապէս երկու հարիւր տիկինները:


Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Թորգոմ արքեպիսկոպոս եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ժրաջան անդամներուն եւ տօնին առիթով շնորհաւորեց ներկաները, ապա ընդգծեց նուիրուածութիւնը՝ առաջնորդական իր քառամեայ շրջանին առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն իրենց անսակարկ ծառայութիւնն ու անշեղ հաւատարմութիւնը ցուցաբերած կարգ մը հայուհիներու, որոնք գործօն մասնակցութիւն բերին թեմի ծաղկազարդման աշխատանքներուն: Այնուհետեւ, իրենց կամաւորական ծառայութեան համար «Օրհնութեան Գիր»եր ստացան՝ Սիլվա Սայապալեան, Ծովիկ Զէյթլեան, Մարի Պապիկեան, Քարմէն Եարալեան եւ Մարիամ Կարապետեան (յետ մահու), իսկ օրուան հիւրընկալ եւ առաջնորդարանի մնայուն զօրակից Նունէ Սեփեթճեան Թորգոմ արք.ի ձեռամբ ստացաւ յիշատակի գեղեցիկ նուէր եւ արժանացաւ գնահատանքի եւ կազմակերպիչ մարմինի կողմէ՝ շքեղ ծաղկեփունջի:
Գնահատանքի արժանացող հայուհիներու երրորդ խումբը կը կազմէին առաջնորդարանի աշխատանքներուն նիւթաբարոյական աջակցութիւն բերած քոյրեր եւ մայրեր, որոնք ստացան յատուկ յուշանուէրներ, ինչպէս՝ Յասմիկ Յովակիմեան, Սօսէ Էշկիեան, Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեան, Էլիզապէթ Պոյաճեան, բժիշկ Այտա Ռշտունի Ճուհարեան, Վալանթին Սարաֆեան, Մարօ Ֆերմանեան եւ Նուէր Սամուէլեան (վերջին չորսը՝ ի բացակայութեան. յուշանուէրներու յանձնումը պիտի կատարուի աւելի ուշ):
Թորգոմ սրբազան, մէկ առ մէկ դրուատելէ ետք մեծարուող բոլոր հայուհիները, նշեց նաեւ իւրաքանչիւրին բարեմասնութիւնները, ապա իրեն յատուկ զուարթախոհութեամբ մը աւարտելով խօսքը՝ նշեց, որ հայ տիկինները յաճախ աւելի առատաձեռն, սիրայօժար ու լիաբուռն կը վերաբերին առաջնորդարանի ծրագիրներուն, քան իրենց ամուսինները եւ համոզում յայտնեց, որ որքան շատ գնահատուին հայ տիկինները, այնքան մեծ կ՛ըլլայ անոնց ծառայութիւնը ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին:



Առաջնորդ Գեղամ սրբազանի պատգամը եկաւ ամբողջացնելու հայ կնոջ կերպարը նաեւ անցեալ դարերու ընդմէջէն՝ իբրեւ իր ընտանիքին, զաւակներուն, ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ նուիրեալ հայուհի եւ ի վերուստ մայրական շնորհներով օժտեալ կին, որուն կարելի է անվարան վստահիլ։ Անդրադառնալով տօնին ազգային նկարագիրին՝ ան դիտել տուաւ, որ աւանդութիւնը ընդհանրապէս ժողովուրդի մը ներկային մաս կը կազմէ, այլ ոչ միայն անցեալին, որովհետեւ աւանդութիւնները կը դրսեւորեն ժողովուրդի մը առօրեայ կեանքը, բնաւորութիւնը, հոգեբանութիւնը եւ նկարագիրը:
Իր խօսքին մէջ նաեւ վեր առնելով համայնական գործի ու նպատակի յաջողութեան համար իրենց անսակարկ նպաստը բերելու պատրաստ օրհնեալ հայուհիներու դրական պատրաստակամութիւնը, ոչ միայն խաղաղ, այլեւ ազգի ու հայրենիքի ճգնաժամային պահերուն, առաջնորդը ըսաւ. «Նկատի առած տարիներու իմ փորձառութիւնները՝ Լիբանանի եւ Յունաստանի առաջնորդական ծառայութեան մէջ, կը հաստատեմ, որ եթէ կ՛ուզես գործ մը յաջողի, ապա զայն յանձնէ կնոջ, որովհետեւ կինը աստուածարեալ շնորհի տէր արարած է եւ իր ձեռնհասութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, բծախնդրութեամբ ու կոկիկութեամբ այդ գործը լաւագոյն ձեւով գլուխ կը հանէ: Այս ալ Աստուծոյ հրաշալի բնութեան գեղեցիկ մէկ պատկերն է տրուած կնոջ», եզրափակեց ան:
Յայտնենք, որ Համբարձման տօնի գեղարուեստական բաժինը վարեց Տիգրան եւ Անի Փիւազեան զոյգը, որ կիթառի ու երգեցողութեան ճամբով ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ, որուն մասնակից դարձան նաեւ ներկաները՝ միաձայնութեամբ երգելով Համբարձման տօնին նուիրուած եւ ժողովրդական ճոխ երգեր: