Զ.
Գ.- ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Դ.- «ՈՎ ՄԵԾԱՍՔԱՆՉ ԴՈՒ ԼԵԶՈՒ»…
– Յետմաշտոցեան դարաշրջան
Այս դարաշրջանին վերաբերող սկզբնաղբիւրներու համեմատական առատութիւնը կարելիութիւն կ՚ընծայէ մեզի աւելի դիւրութեամբ հետեւելու հայոց լեզուի պատմական հետագայ հոլովոյթին, անոր զանազան հանգրուաններուն եւ աւելի որոշակի կերպով ուրուագծելու անոր պարբերացման հանգրուանները։
Մատնանշեցինք արդէն, որ գիրերու գիւտին նախորդող դարերուն՝ Արտաշէսեան հարստութեան օրերէն սկսեալ մասնաւորաբար, հայերէնը համաժողովրդական խօսակցական մակարդակին բարձրացած եւ որոշ կայունութիւն ստացած լեզու էր:
301 թուականը հայոց պատմութեան մէջ եղաւ անկիւնադարձային հանգրուան մը, որ պայմանաւորեց ամբողջ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը՝ իր բոլոր երեսներով՝ կրօնական, քաղաքական, մշակութային, կենցաղային… եւ այլն: Լեզուական իմաստով եւս, անոր յաջորդող հարիւրամեակը (Դ. դար) կարելի է փոխանցման շրջան մը սեպել: Արդարեւ, գիրերու գիւտին նախորդող այդ ժամանակաշրջանին, երբ եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուէին յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով, Ս. պատարագի որոշ հատուածներ տեղւոյն վրայ բերանացի կը թարգմանուէին հայերէնի, որպէսզի ժողովուրդը հասու եւ հաղորդակից դառնար օրուան խորհուրդին:
Այս հարիւրամեայ սովորութիւնը մեծ փորձառութիւն եւ կարեւոր ենթահող ապահովեց մեր հետագայ թարգմանիչներուն՝ Ե. դարու իրենց թարգմանական հսկայ աշխատանքները «որոշ առումով» դիւրացնելու իմաստով:
Հայոց լեզուի պատմութեան փառաւոր երթը փաստօրէն սկիզբ կ՚առնէ շուրջ 405ին, հայ ժողովուրդի անզուգական զաւակ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած գիրերու գիւտով, որ ոչ միայն մեր լեզուն գրաւոր կիրարկելու անգնահատելի կարելիութիւն ընծայեց, այլեւ հայ ժողովուրդի ստեղծագործական տաղանդը եւ հայ դպրութիւնն ու հայ մշակոյթը խթանող մեծագոյն գործօնը հանդիսացաւ:
Փորձենք ամփոփ գիծերու մէջ ակնարկ մը նետել հայոց լեզուի յետմաշտոցեան շրջանի պատմական հոլովոյթին վրայ, զոր լեզուաբաններ կը բաժնեն երեք մեծ շրջաններու՝ հին, միջին եւ նոր:
ԾԱՆՕԹ.- Այս բաժնի լեզուաբանական տուեալներու պարագային օգտուած ենք Սերոբ Ղազարեանի (առաւելաբար) եւ Ռաֆայէլ Իշխանեանի աշխատութիւններէն:
Ա.- ՀԻՆ ՇՐՉԱՆ
Կ՚ընդգրկէ Ե.-ԺԱ. դարերը:
Այս շրջանի սկզբնաւորութեան է (405), որ հին հայերէնը (գրաբար) կը դառնայ միաժամանակ գրաւոր եւ գրական լեզու:
Ամբողջ այս ժամանակաշրջանին գրաբարը գրական միակ լեզուն էր՝ առանց «արեւելահայ» եւ «արեւմտահայ» ճիւղաւորումներու, հակառակ անոր, որ Հայաստան, այս պատմաշրջանին, աշխարհագրականօրէն եւ քաղաքականօրէն երկու անգամ բաժանումի ենթարկուած էր (387 եւ 591 թուականներուն):
Ասիկա չի բացառեր անշուշտ տեղական բարբառներու գոյութիւնը:
Փաստօրէն, սկզբնական շրջանին, խօսակցական եւ գրական գրաբարը, ըստ ամենայնի, նոյն յատկանիշները ունէին եւ չէին զանազանուեր իրարմէ: Հետագային է, որ անոնք կը տարբերակուին:
Գրական գրաբարը հիմնուած էր Հայաստանի կեդրոնական՝ յատկապէս Այրարատեան շրջանի խօսակցական բարբառի առանձնայատկութիւններուն վրայ:
Այս շրջանը պայմանականօրէն կը բաժնուի երեք ենթաշրջաններու:
ա.- Դասական գրաբարի ենթաշրջան (Ե. դար՝ մինչեւ կէսերը):
Այս ենթաշրջանը կը յատկանշուի, առաջին հերթին, գրական եւ խօսակցական լեզուներու նոյնութեամբ: Ասով կարելի է հասկնալ, որ գրաբարը, այդ ժամանակահատուածի համաժողովրդական լեզուն էր, իր թէ՛ գրաւոր, եւ թէ՛ բանաւոր ձեւերով: Գրութիւնը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէր արտասանութեան: Շեշտը հիմնականին մէջ վերջավանկային էր: «Ս», «դ», «ն» յօդերը լայն գործածութիւն ունեցած են, սակայն՝ աւելի որոշիչ-ցուցականի արժէքով. անոնք տակաւին ստացականի իմաստ չէին ստացած: Հին հայերէնի բառապաշարի հիմնական կորիզը կը կազմէին հնդեւրոպական արմատներու մնացորդները, որոնց կողքին կարելի է հանդիպիլ հայոց հասարակական կեանքին զուգահեռ զարգացող եւ նոր պայմաններուն ու բնագաւառներուն վերաբերող կրօնական, քաղաքական, տնտեսական, կենցաղային, մշակութային, գիտական, գեղարուեստական եւ այլազան բառերու եւ նորաբանութիւններու:
բ.- Նոր դասական կամ Յունաբան դպրոցի ենթաշրջան (Զ.-Է. դարեր):
Այս ենթաշրջանին, գրաբարը՝ իբրեւ գրական լեզու, աւելի եւս կը հեռանայ իր խօսակցական հիմքէն, որուն մէջ գլխաւոր դեր կը խաղայ Յունաբան դպրոցի գործունէութիւնը:
Այս շրջանին համար, Է.-Ը. դարամիջի մատենագիր Ստեփանոս Սիւնեցին կը մատնանշէ եօթը տարբեր բարբառներ՝ աշխարհագրական սկզբունքով դասաւորուած. «որպէս զԿորճայքն եւ զՏայեցին եւ զՉորրորդ-Հայեցին եւ զՍպերացին եւ զՍիւնին եւ զԱրցախայինն»:
գ.- Նախամիջին ենթաշրջան (Ը.-ԺԱ. դարեր):
Այս ենթաշրջանին շատ աւելի կը խորանայ տարբերութիւնը գրական եւ խօսակցական լեզուներուն միջեւ: Միւս կողմէ նկատելի է միաժամանակ գրաբարի որոշ տարբերակներու մօտիկութիւնը խօսակցական լեզուի հիմքերուն:
Բարբառային տարբերութիւնները նոյնպէս զգալի կերպով կը մեծնան:
Այս ենթաշրջանի խօսակցական-բարբառային լեզուին աւելի մօտիկ եղող գրական յուշարձաններուն մէջ է, որ աւելի յստակօրէն կ՚ուրուագծուի հայերէնի հետագայ զարգացման գործընթացը, որ մեզ անմիջականօրէն պիտի առաջնորդէ դէպի Միջին հայերէն:
Բ.- ՄԻՉԻՆ ՇՐՉԱՆ
Կ՚ընդգրկէ ԺԲ.ԺԶ. դարերը:
Այս շրջանի համաժողովրդական խօսակցական եւ գրական լեզուն Միջին հայերէնն է, որուն հիմքը կը կազմեն գլխաւորաբար Կիլիկեան բարբառներու-խօսակցական ձեւերը: Երբեմն, սակայն, այլ բարբառային ձեւեր եւս գրական արտայայտութեան մաս կը կազմեն: Ինչպէս նկատելի է, մէկ շրջանէն միւս շրջան անցման գործընթացի ժամանակ, տեղի կ’ունենայ գրական լեզուի հիմքի փոփոխութիւն: Հին շրջանի պարագային, գրական լեզուի հիմքը կը կազմէր Արարատեան բարբառի խօսակցական լեզուն: Նոր գրական լեզուի պարագային եւս, ինչպէս պիտի տեսնենք, այլ են հիմքերը: Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումն ու Կիլիկեան թագաւորութեան հաստատումն է հիմնական պատճառը Միջին հայերէնի հիմքի փոփոխութեան, որ սակայն, չկրցաւ հասնիլ ընդհանրական գրական լեզուի աստիճանին, որովհետեւ, նոյն շրջանին, գրաբարը եւս կը շարունակէր իր գոյութիւնը՝ իբրեւ գրական լեզու: Միւս կողմէ, Միջին հայերէնի այլ բարբառային ձեւեր եւս կը գործածուէին իբրեւ գրական արտայայտութեան միջոց՝ Կիլիկիոյ սահմաններէն դուրս:
Ձեւով մը դերերու բաշխում կատարուած էր կարծէք Միջին հայերէնի եւ գրաբարի միջեւ: Առաջինով, որ պետական-պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ ստացած էր, կը գրուէին յատկապէս պետական բոլոր տեսակի գործողութիւնները, բժշկական եւ ընդհանրապէս գիտական գործերը. գեղարուեստական երկերը, մասամբ նաեւ պատմաբանական երկերը… եւ այլն: Գրաբարը սահմանափակուած էր կրօնական-փիլիսոփայական բնագաւառներու ծիրին մէջ առաւելաբար: Սակայն ո՛չ գրաբարը եւ ո՛չ ալ Միջին հայերէնը միատարր էին իրենց բառապաշարով եւ կառոյցով: Միջին հայերէնի մէջ մասնաւորաբար այս հանգրուանին մեծ թիւ կը կազմէին օտար փոխառութիւնները (արաբական, եւրոպական եւ թրքական լեզուներէ):
Բարբառներու աճը եւս մեծ թափ կը ստանայ աշխարհագրական շրջաններու մեկուսացման եւ նոր գաղթավայրերու ստեղծման պատճառով:
Միջին Շրջանը կը բաժնենք երկու ենթաշրջաններու:
ա.- Կիլիկեան ձեւաւորման ենթաշրջան (ԺԲ.ԺԴ. դարեր):
Այս ենթաշրջանի գրաբար եւ միջին գրական հայերէն մատենագրութիւնը իր ծաղկման շրջանը կ՚ապրի: Կիլիկեան միջին գրական հայերէնը պետական-պաշտօնական կարգավիճակ կը ստանայ եւ կը ձգտի կայունացման: Այս ենթաշրջանին առկայ է նաեւ «ֆ» հնչիւնը: Բառապաշարի մէջ կը բազմանան արաբական եւ եւրոպական փոխառութիւնները: «Զ»ն կը դառնայ հայցականի նշան միայն, «մի»ն իբրեւ թուական կը փոխարինուի «մէկ»ով… եւ այլն:
բ.- Աշխարհաբարացման ենթաշրջան (ԺԵ.ԺԶ. դարեր):
Կիլիկեան թագաւորութեան անկումին պատճառով միջին գրական հայերէնը կը զրկուի իր պետական-պաշտօնական լեզուի կարգավիճակէն: Յաջորդող պատմական դէպքերը՝ Հայաստանի մասնատումը, նոր թափ ստացած գաղթերը աւելի եւս կը շեշտեն ու կը խորացնեն բարբառային տարբերութիւնները: Գրական եւ Միջին հայերէն մատենագրութիւնը եւս մեծ անկում կ՚ապրի, բարբառայնութիւնները աւելի կը բազմանան եւ մեծ չափերու կը հասնին թուրք-պարսկական նորագոյն բառերու փոխառութիւնները: Այս բոլոր փոփոխութիւններն ու նախադրեալները կը նախապատրաստեն յայտնութիւնը ձեւաւորուող նոր լեզուի մը, որ պիտի կոչուի «աշխարհաբար»: