
ՆԱՐԵԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1 Մարտ 1943ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2024ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Վերջին օծումը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ երէցկին Շողիկ Փեհլիվանեան
Զաւակը՝ Ֆիլիփ Փեհլիվանեան
Զաւակը՝ Յարութ եւ Սեսիա Փեհլիվանեան
Դուստրը՝ Հուրի Փեհլիվանեան
Թոռը՝ Պերճ Փեհլիվանեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Impressions Banquet Hall սրահին մէջ, 212 N. Orange St., Glendale.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Արեմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին (Western Prelacy, 6252 Honolulu Ave., La Crescneta, CA 91214):