
Երկուշաբթի, Մայիս 13ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեանի, եւ անդամներ Սարգիս Թաթիկեանի եւ Ծովիկ Զէյթլեանի, ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները ծխական եւ համայնքային կառոյցներու կազմերու եւ ներկայացուցիչներու, հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
– ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւն,
– Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Երկրորդական վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի տնօրէնները, վարիչն ու մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներ,
– Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւն,
– Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձական կազմերու ատենապետներ եւ անդամներ,
– Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ատենապետներ, անդամներ եւ Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ,
– Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ:
Իւրաքանչիւր այցելու խումբի հետ ծանօթացման մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը տեղեակ եղաւ միաւորներու գործունէութեանց դաշտերուն, աշխատանքային առօրեային եւ ապագայ ծրագիրներուն, ընդունեց անոնց սրտագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները եւ հայրական իր օրհնութիւնը բաշխեց՝ յաջողութեան եւ բարգաւաճման անհատնում առիթներ մաղթելով բոլորին:
ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ
Երեքշաբթի երեկոյեան, առաջնորդը, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենադպիր Չորպաճեանի եւ գանձապահ դոկտ. Գալուստ Ակոբեանի, երկրորդ օրն ըլլալով Ազգ. առաջնորդարանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի, Oրէնճ քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան եւ Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգ. վարժարանի մեծ ընտանիքներուն: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամներու շարքին էին նաեւ ՀՄԸՄի ընթացիկ տարուան Նաւասարդեան Խաղերու հովանաւոր, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններ, ինչպէս նաեւ այս տարուան Տիպար ՀՄԸՄական Արամ Պէքարեան:
Իրենց ջերմագին շնորհաւորանքները առաջնորդին փոխանցելէ ետք, համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ու կազմերու այցելու պատասխանատուներ, ատենապետներ եւ ներկայացուցիչ անդամներ առաջնորդին ներկայացուցին իրենց կառոյցներուն ու մարմիններուն իրագործած աշխատանքները՝ հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական, միութենական եւ զանազան բնագաւառներէ ներս եւ անդրադարձ կատարեցին իրենց եկեղեցաշէն, ազգանպաստ ու հանրօգուտ գործունէութեանց ու հետագայ ծրագիրներուն մասին:
Ծանօթացման ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի աւարտին, սրբազանը շեշտեց ողջախոհ մօտեցմամբ սերտ գործակցութեան ստեղծման կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս եւ ամենայն բարիք ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց այցելուներուն, ապա անոնց փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ
Մայիս 15ի երեկոյեան, առաջնորդը, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներ Արա Շապանեանի եւ Սարգիս Թաթիկեանի, երրորդ եւ վերջին օրն ըլլալով Ազգ. առաջնորդարանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեանին, Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի, Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգ. մանկամսուրի վարիչին եւ ներկայացուցիչներու, Արեւմտեան թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերահսկող մարմինի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու, Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցիներու Ազգ. երեսփոխաններու, հոգաբարձութեանց ատենապետներու եւ անդամներու, կազմերու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու:
Ինչպէս նախորդ երկու օրերուն, սրբազան հայրը ծանօթացաւ այցելու իւրաքանչիւր միաւորի ստանձնած պարտաւորութեանց, կատարած աշխատանքին ու հետագայ ծրագիրներուն եւ իր հայրական ջերմ օրհնութիւններն ու մաղթանքները, խրատներն ու սիրալիր գործակցութեան բարի մտածումները բաշխեց բոլորին՝ վեր առնելով նոր սերունդներու հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեանց կարեւորութիւնը բոլոր տարիքներու հայ-քրիստոնեայ մարդոց կեանքին մէջ:
Այցելուները իրենց շնորհաւորական խօսքերուն ու շնորհակալ վերաբերումին մէջ նաեւ յիշեցին իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, դժուարութիւններն ու կարիքները, ապա Գեղամ արք. Խաչերեանի գօտեպնդիչ խօսքերով հզօրացած մեկնեցան Ազգային առաջնորդարանէն:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Հինգշաբթի, Մայիս 16ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանի մէջ շարունակեց ընդունիլ համայնքային կառոյցներու ղեկավար մարմիններ եւ անհատ այցելուներ:
Շարքին առաջինն էր Կլենտէյլի Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ տնօրէնուհին եւ Ուսումնական մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, ապա յաջորդաբար ան ընդունեց «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի սեփականատէր եւ խմբագիր Յարութ Սասունեանն ու Հայ Աւետարանական միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի, ընկերակցութեամբ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի:
Ծանօթանալէ ետք խմբային ու անհատական այցելուներուն, առաջնորդ սրբազան հայրը ծանօթացաւ իւրաքանչիւրին աշխատանքային առօրեային ու ծրագիրներուն, ապա ի դիմաց անոնց ջերմագին շնորհաւորանքներուն, հայրական իր օրհնութիւններն ու գործակցութեան բարի մաղթանքները փոխանցեց բոլորին, մեկնակէտ ունենալով համայնքային կեանքի առաւել զարգացումն ու բարգաւաճումը՝ բաղադրիչ բոլոր տարրերու գործօն մասնակցութեամբ անխտիր:
Յիշեցնենք, որ նորընտիր առաջնորդ սրբազանը կը շարունակէ ընդունիլ շնորհաւորական այցելութիւններ: Փափաքողները կրնան դիմել Ազգ. առաջնորդարանի դիւանատուն, որ ըստ յարմարութեան պիտի դասաւորէ պարտն ու պատշաճը (հեռաձայն` 818-248-1278 կամ ել-նամակով՝ info@westernprelacy.org):