

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած սահմանային վերջին արձանագրութեան լոյսին տակ անորոշ ու լարուած վիճակ կը տիրէ Կիրանցի մէջ, որ այս փուլին հիմնական տուժողը պիտի ըլլայ այս համաձայնութենէն։ Յայտարարութեան հրապարակումէն ի վեր գիւղացիներուն կողմէ փակուած Վրաստան տանող միջպետական ճամբան՝ Կիրանց-Ոսկեպար հատուածին մէջ 17 Մայիսի յետմիջօրէին բացուեցաւ, միջամտութեամբ՝ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեանի, որ հանդիպում ունեցաւ բնակիչներուն հետ։
Հակառակ անոր, որ շրջանի բնակիչները կը պահանջէին, որ իշխանաւորներն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանը գան ու բաց հանդիպում տեղի ունենայ՝ լրագրողներուն ներկայութեան, այդուհանդերձ, հանդիպումը եղաւ մարզպետին հետ՝ փակ ու առանց տեսախցիկներու:
Հանդիպման մասնակցած բնակիչներէն մէկը ըսաւ, որ, ըստ էութեան, իրենց որեւէ նոր բան չէ յայտնած մարզպետը եւ ամէն ինչ պիտի ըլլայ այնպէս, ինչպէս արդէն յայտարարուած է:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման սկիզբէն Բագրատ սրբազանի կողքին էր, եւ 16 Մայիսին ուղղուեցաւ Կիրանց՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու համար, «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ մարզպետը գումար առաջարկած է բնակիչներուն։
«Եկել են գումար են առաջարկել, կիրանցիներն էլ լաւ չեն արտայայտուել, բացասական պատասխան են տուել: Ծածուկ աշխատանքներ են տանում, ասել են` փոխհատուցում կը տանք, ինչ է պէտք` գումարի չափ ասէք եւ այլն: Մարդկանց գիւղը կէս են արել, դպրոցի մօտից կիսւում է գիւղը», յայտնեց ան՝ նշելով, որ մարդիկ մերժած են առաջարկը եւ ըսած, որ հայրենիքը գումարով վաճառող չենք:
«Կիրանցում պայքարը շարունակւում է, ժողովուրդը տրամադրուած է: Կիրանցեցիները ոգեւորուած են Երեւանում տեղի ունեցող պայքարից, եւ իրենք էլ Կիրանցում են պայքարելու», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ սահմանազատումը ընթացած է յաջող կերպով եւ Հայաստանի տարածքէն որեւէ միլիմեթր հող չէ յանձնուած: