Աշխապատի մէջ տեղի ունեցող Մշակոյթի նախարարներու միջազգային համագումարի ծիրին մէջ, 17 Մայիսին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին հետ:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ծիրին մէջ, ի շարս այլ հարցերու, նախարարները ընդգծեցին մշակութային համագործակցութեան նպաստը:
Նախարարները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Անիի պատմական կամուրջի վերակառուցման վերաբերեալ։ Այս մասին նշուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: