Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի՝ Իրան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Արաքս գետին վրայ ջրելեկտրակայանի բացման արարողութենէն վերադարձնող ուղղաթիռը Կիրակի օր ջախջախուեցաւ Ջուղա քաղաքին մօտեր: Անոր ընկերակցող երկու ուղղաթիռները ապահով վերադարձան իրենց ուղղուած վայրը:
Նախագահը տեղափոխող ուղղաթիռին մէջ կային նաեւ Արեւելեան Ատրպէյճանի կառավարիչ Մալեք Ռահմաթին եւ Թաւրիզի իմամ Այաթոլլա Հաշեմին եւ չորս ուրիշներ:
Մեծաթիւ փրկարարներ աշխատանքի լծուեցան` յայտնաբերելու համար ուղղաթիռը, սակայն, թանձր մշուշին ու կլիմայական վատ պայմաններուն պատճառով մեծ դժուարութիւն ունեցան յայտնաբերելու ջախջախման վայրը` Պրազին եւ Արատշիր գիւղերուն միջեւ գտնուող Տիզմար անտառին մէջ:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Ռայիսիի ուղղաթիռին մէջ գտնուողները մահացած են, իսկ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի օր։ Նաեւ հնգօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ։
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի մեկնաբանելով դէպքը ըսաւ. «Պետութեան հարցերու կառավարումը պիտի չազդուի»:
Ցարդ կարելի չէ եղած արկածին պատճառը բացայայտել, իսկ Ռուսիա պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու հետաքննութեան։