Իրանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանին վրայ Կիրակի օր տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու նախագահներ՝ Էպրահիմ Ռայիսիի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը:
Իրանեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, ղեկավարները մասնակցած են Խուտաֆերինի ջրելեկտրակայանի բացման արարողութեան եւ Արաքս գետի վրայ ամբարտակի մը բացումին:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է. «Իրան նախագահին հետ հանդիպումի ժամանակ ես նշած եմ, որ Իրանը կը փորձէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովել: Շրջանին մէջ օտար երկիրներու միջամտութիւնը անընդունելի է. խաղաղութիւնը պէտք է ապահովեն այս շրջանի երկիրներն ու ժողովուրդները»:
«Ներկայիս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման հոլովոյթը կ՛ընթանայ: Մենք կը տեսնենք այս հոլովոյթին առաջին դրական արդիւնքները», յայտնած է ան:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ նաեւ յայտարարած է. «Ոչ ոք կրնայ թիւրըմբռնում ստեղծել եւ պառակտում մտցնել Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:
«Այս արարողութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը: Այսօր ամբողջ աշխարհը ականատես կը դառնայ, թէ որքա՛ն մեծ է Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարեկամութիւնը», ըսած է ան:
Իրանի նախագահը իր կարգին ըսած է, որ այն, որ շատ կարեւոր մեծ նախագիծեր կրնան իրականացուիլ երկու ժողովուրդներուն եւ երկու պետութիւններուն միջեւ, ինքնին նշանակալի իրադարձութիւն է:
«Թերեւս ոչ ոքի հաճելի թուին մեր հանդիպումներն ու միացեալ յաջողութիւնները: Մեզի համար ատիկա նշանակութիւն չունի: Գլխաւորը այն է, որ մենք միասին իրականացնենք այն, ինչ որ ի շահ մեր երկիրներուն, պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն է», նշած է Ռայիսի: