Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի` ներկայացնելով Վիեննայի մէջ կայացած Հիւլէական ապահովութեան համաժողովի ծիրին մէջ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման արդիւնքները, «Էքս»ի իր էջին վրայ գրեց, որ գործակալութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի հիւլէական ծրագիրին, յատկապէս անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ան նշեց, որ նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան Rays of Hope ծրագիրի ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ` Հայաստանի մէջ քաղցկեղի բուժումը բարելաւելու նպատակով։